2008-12-29 12:21:02

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

ֆրանսայի սկաուտական շարժումի ուխտագնացութիւնը Հռոմ


Սկաուտական շարժումի աւելի քան 600 պատասխանատուներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ Հռոմ հասան ուխտագնացութիւն կատարելու Առաքելական Աթոռին։ Ուխտագնացութեան նպատակն է ապրիլ քրիստոնէական հաւատքը անհատաբար եւ հաւաքաբար։ Այս ուխտագնացութիւնը՝ սկաուտական շարժումի պատասխանատուներուն համար, պիտի ըլլայ առիթ՝ խորհրդածելու համար նոր սերունդին կեանքի նշանակութիւնը հաղորդելու եղանակին։ Սկաուտական շարժումի պատասխանատուներուն Հռոմ կեցութեան ընթացքին, նախատեսուած են անոնց համար հանդիպումներ եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ Յունուար մէկին անոնք պիտի մասնակցին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին մատուցելիք պատարագին Ս. Պետրոս տաճարին մէջ` խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։ Իսկ Յունուար 2-ին յատուկ պատարագ մը նախատեսուած է ֆրանսայի սկաուտներու համար Հռոմի նշանաւոր Ս. Յովհաննէս Լատերանի նուիրուած տաճարին մէջ. հանդիսապետութեամբ կարտինալ Ռենադօ Մարթինոյի` նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին։

Դեկտեմբեր 29ին սկիզբ կ՛առնէ Եւրոպայի երիտասարդներու 31-րդ հանդիպումը Պրիւքսէլի մէջ, նախաձեռնութեամբ Թէզէ եկեղեցական հասարակութեան։

Շուրջ 40 հազար երիտասարդները մինչեւ յառաջիկայ Յունուար 2, առիթ պիտի ունենան զիրար ճանչնալու եւ միասնաբար խորհրդածելու եւ աղօթելու։ Հանդիպումին բնաբանն է. ՜՜վստահութիւն ունենալ բնութեան հանդէպ՝՝։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց մասնակցողներուն հրաւիրելով զանոնք ՜՜փնտռտել յոյսը եւ զայն հաղորդել յանձնառու կեանքով, աշխարհի մը մէջ ուր կը տիրապետէ չքաւորութիւնը, անարդարութիւնը եւ ընդհարումը։ Ս. Հոգիէն զօրացած, (կը կարդանք Սրբազան պապի պատգամին մէջ) քաջութիւնը ունեցէք տարածելու յոյսը։ Մի վախնաք, ձեր սրտերը լայն բացէք։ Ի դէպ Պելկիայի մայրաքաղաքին մէջ, երիտասարդները հիւրը պիտի ըլլան ժողովրդապետութիւններուն եւ ընտանիքներուն։ Ամէն առաւօտ մայրաքաղաքի 180 կեդրոններու մէջ պիտի ժողովին միասնաբար աղօթելու եւ խորհրդածելու։ Յայտնենք թէ Թէզէի եկեղեցական հասարակութիւնը, վստահութիւնն ու նեցուկը կը վայելէ կաթողիկէ, բողոքական եւ օրթոտոքս եկեղեցիներուն։ Երիտասարդներուն կարելիութիւն պիտի տրուի մասնակցելու նաեւ գեղարուեստական յայտագրերու։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.