2008-12-29 13:59:15

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը խնդրէ որ վերջ դրուի բռնութիւններուն ու նոր հրադադար հաստատուի Կազայի մէջ։


Կիրակի 28 Դեկտեմբեր 2008-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը Կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն աղօթքին աւարտին, կոչ ուղղեց որպէսզի վերջ դրուի բռնութիւններուն Ս. Երկրին մէջ եւ հրադադարը վերահաստատուի Կազայի մէջ։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը հրեայ եւ պաղեստինցի պատասխանատուներէն պահանջեց մարդկայնութիւն եւ իմաստութիւն, յարելով թէ Յիսուսի երկրաւոր հայրենիքը չի կրնար մշտատեւ արիւնահոսութեան բեմ ըլլալ, որ անվերջ կը կրկնուի։ Ասոր համար Սրբազան Հայրը խնդրեց հրադադարի վերահաստատումը։ Միաժամանակ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը միջազգային հասարակութենէն խնդրեց որ ոչ մէկ ջանք խնայուի օգնելու՝ հրեաները ու պաղեստինցիները, այս անել ճամբէն դուրս գալու համար նախընտրելով երկխօսութեան ու բանակցութեան ճամբան։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը իր ցաւը յայտնեց մեռեալներու ու վիրաւորեալներու համար եւ բնակչութեան տառապանքին. արցունքին ու նիւթական վնասներուն համար։ Հուսկ Սրբազան Հայրը աղօթք մը ուղղեց Յիսուսին` խաղաղութեան իշխանին, Ս. Կոյս Մարիամին ու Հայր Յովսէփին ըսելով. ՜՜Ով Նազարէթի ընտանիք, տառապանքով դրոշմուած, աշխարհին տուէք խաղաղութիւն եւ մասնաւորապէս Ս. Երկրին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.