2008-12-28 13:52:09

Երեւանի մէջ Ամանորի Հանդիսութիւնները


Երեւանի մէջ Ամանորի Հանդիսութիւնները սկիզբ պիտի առնեն Դեկտեմբեր 31-ին,ժամը 21.00ին ։ Երեւանի մէջ Ամանորի հանդիսութիւնները պիտի սկսին Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ Դեկտեմբեր 31-ին։ Ինչպէս որ տեղեկացուցած է Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան վարչութեան պետ Կամօ Մովսիսեանը այդ օրը(31 Դեկտեմբեր) համերգային ծրագրին պիտի յաջորդէ շքեղ հրավառութիւն որով պիտի հռչակուի՝ 2009ը տարուայ սկիզբը։ Հանդիսութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ յաջորդ օրերուն,իսկ Յունուար 6-ին եւ 13-ին ժամը 19։00ին Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ դարձեալ պիտի կազմակերպուին համերգներ,որոնք նոյնպէս պիտի վերջանան հրավառութեամբ։ Ըսենք նաեւ որ Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ պիտի տեղադրուի 27 մեթր բարձրութիւն ունեցող Տօնածառը։ Տօնածառի զարդարման աշխատանքները հաւանաբար վերջանան Դեկտեմբեր 22-ին։ Տօնական օրերուն Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ պիտի գտնուի նաեւ քաղաքապետարանի կողմէ հրաւիրուած Ձմեռ Պապը,որը անվճար պիտի ուրախացնէ երախաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.