2008-12-27 13:45:33

Ծիսական ժամանակացոյց


դեկտեմբեր 27, տօն Պետրոս եւ Պօղոս գլխաւոր առաքեալներու։

Պետրոս եւ Պօղոս գլխաւոր առաքեալները – Հայ Եկեղեցին ս. Պետրոսի յիշատակը կը տօնէ ս. Պօղոս առաքեալի հետ միասնաբար` գլխաւոր առաքեալներ անուան տակ։ Երկուքն ալ մեր հաւատքի հայրերն են։ Հեթանոսներուն աւետելով Յիսուս Քրիստոսի փրկութիւնը հաղորդեցին մեզի Աւետարանին պատգամը։ Իրենց առաքելութիւնը չդադրեցաւ իրենց մահով, աղլ ծաւալեցաւ աշխարհիս բոլոր ծայրերը։ Կաթողիկէ Եկեղեցին` ս. Պետրոսի եւ Պօղոսի եկեղեցին է։ Անոնք զայն կ՛առջնորդեն ու կը հովուանաւորեն` ճշմարտութեան մէջ հաստատելու։

Համօրէն առաքելոց շարականէն։

Աշխարհակիր բանին բազուկներով հաստատուած սուրբ Սիոնի հիմեր, անսասան լեռներ, ծաղկածին հովիտներ, հաւատքի հարազատ վէմեր` ս Պետրոս եւ Պօղոս, բարեխօս եղէք Տիրոջ մօտ մեր անձերուն համար։

Անճառելի դրախտը եւ երրորդ երկինքը երկրէն դիտող բարձր խորհուրդները էափանցող ս. Պօղոս առաքեալ համատարած հայր բարփխօս եղիր Տիրոջ մօտ մեր անձերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.