2008-12-27 09:42:38

Ծիսական ժամանակացոյց- տօն ս. Ստեփանոս նախավկայի


դեկտեմբեր 26, տօն ս. Ստեփանոս նախավկայի։

ընթերցում Գործ Առաքելալներու Գիրքէն։

Ստեփանոսի կալանաւորումը - Ստեփանոս, շնորհքներով եւ զօրութեամբ լի մէկը, մեծ նշաններ եւ հրաշքներ կը գործէր ժողովուրդի մէջ։ Ելան ոմանք՝ այն ժողովարաններէն, որ լիբէացիներու, աղեքսանդրացիներու, կիւրենացիներու, կիլիկեցիներու եւ ասիացիներու ժողովարանը կը կոչուէր, եւ վէճի բռնուեցան Ստեփանոսի հետ։ Բայց չէին կրնար դիմակալել անոր իմաստութեան եւ մտքին, որով ան կը խօսէր։ Անոր վրայ քանի մը մարդիկ հրապուրեցին, որ անոր մասին ըսեն, թէ Մենք լսեցինք, որ այս մարդը Մովսէսի եւ Աստուծոյ դէմ հայհոյիչ խօսքեր կ՛ըսէ։ (Այս ձեւով) ժողովուրդը, երէցներն ու դպիրները գրգռեցին, եւ անոր վրայ յարձակելով, յափշտակեցին զինք, եւ ատեան հանեցին։ Սուտ վկաներ դրին հոն, որոնք կ՛ըսէին Այս մարդը չի՛ դադրիր սուրբ տեղւոյն եւ Օրէնքներուն դէմ հայհոյիչ խօսքեր ըսելէ։ Իրմէ լսեցինք, որ կ՛ըսէր, թէ Յիսուս Նազովրեցին՝ ի՛նք պիտի քանդէ եղեր այս սուրբ տեղը, եւ պիտի փոխէ այն Օրէնքները, որ Մովսէ՛ս տուած է մեզի։ Մինչ անոր կը նայէին բոլոր անոնք, որ ատեանը նստած էին, այնպէս կը թուէր անոնց, թէ հրեշտակի երես կը տեսնէին։ Քահանայապետը եւ ներկաները այս խօսքերը լսելով՝ զայրանալ սկսան իրենց սրտէն, եւ անոր դէ՛մ կրճտել իրենց ակռաները։ Ան՝ լի էր Սուրբ Հոգիով երկինք նայեցաւ, Աստուծոյ փառքը տեսաւ եւ Յիսուսը, որ Աստուծոյ աջ կողմ կեցած էր, եւ ըսաւ Ահա բացուած կը տեսնեմ երկինքը, եւ Մարդու Որդին, որ Աստուծոյ աջին կեցած է։ (Այս խօսքին վրայ) պոռչտուք մը բարձրացաւ, խցեցի՛ն իրենց ականջները, եւ բոլորը մէկ Ստեփանոսի վրայ յարձակեցան։ Քաղաքէն դուրս հանեցին, եւ քարկոծել սկսան զինք։ Վկաները, իրենց հագուստները պահպանելու համար՝ Սաւղոս անունով երիտասարդի մը քով դրին ատոնք։ Մինչ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, կը գոչէր եւ կ՛ըսէր Տէր Յիսուս, ընդունէ՛ իմ հոգիս։

Ծունկի եկաւ, բարձր ձայնով գոչեց եւ ըսաւ Տէ՛ր, մեղք մի՛ համարիր ասոնց այս ըրածը։ Եւ այս ըսելով մահացաւ։ Սաւղոսն ալ կամակից էր Ստեփանոսի սպանութեան։ Այդ օրերուն մեծ հալածանք մը ելաւ Երուսաղէմի (հաւատացեալ) հասարակութեան դէմ, եւ առաքեալներէն զատ, բոլորը Հրէաստանի ու Սամարիայի գիւղերը ցրուեցան։

Աստուածավախ քանի մը մարդիկ՝ վերցուցին Ստեփանոսը, եւ մեծ ողբ ըրին անոր վրայ։

Ս. Ստեփանոսի ժամանուտէն։

Ցնծայ եւ ուրախացիր կաթողիկէ եկեղեցի` յիշատակութեամբ ս. Ստեփանոսի նախավկայի, որ վկայելով Քրիստոսի Հօր` կը բանար իր աղօթքներովը երկինքը, զոր Ադամ փակած էր եւ հրեշտակակերպ տփսիլքով կը տեսնէր Հօր դէմքը` Ադամի կերպարանքով, նստած եառքի աթոռի վրայ։ Ծաղիկներու նման` հաւաքուելով քարերու բազմութիւնը պսակ մը կը հիւսէր փոխան փուշերու եւ եղէգի եւ իր մարտիրոսական արիւնը կը խառնէր Քրիստոսի կողմէն հոսող արեան հետ։ Հուն որ գերազանցեցիր փառքով բոլոր նսուրբերը` խնդրէ մեզի համար վերնատւողէն` անվախճան կեանքի շնորհքը եւ անոր մեծ ողորմութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.