2008-12-27 09:43:01

Թուրք Նախկին Դեսպաններու Կեցուածքը


Թուրք Նախկին Դեսպաններու Կեցուածքը Կը Քննադատուի Այհան Աքթար Թուրք Լրագրողի Կողմէ։

՝՝Թարաֆ՝՝ թրքական թերթին մէջ Այհան Աքթար ստորագրած է զգայացունց յօդուած մը, որուն խորագիրն է ՝՝Ձեր շնորհիւ, մեծայարգ պարոն Դեսպանս՝՝։ Յօդուածագիրը մահացու հարուած կիջեցնէ այն վաստակաւոր դեսպաններուն վրայ, որոնք մէկտեղուեցան ու հակա-պատճէն հրատարակեցին հայերէ ներողութիւն խնդրողներու դէմ։ Կրճատուած տողերով կ՝ամփոփենք յօդուածագիրին ըսածը։ ՝՝Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ազգային քայլերգ կը սկսի ՝՝մի՛ վախնար՝՝ բառերով։ Ատենօք պահանջքը զգացուեր է ժողովուրդին ըսելու որ ՝՝պէտք չէ վախնայ՝՝։ Բայց այսօր իրենց խղճին ձայնը լսելով հայերէ ներողութիւն խնդրողներու արշաւը ցոյց տուաւ, որ թուրք ժողովուրդը դեռ կը շարունակէ վախնալ։ Ներողութիւն խնդրողներու պատճէնին դէմ արդէն յարձակումի ալիք մը ծայր տուաւ։ Նոյնը պատահած էր ասկէ առաջ, 2005ին համալսարանի մէջ հայկական համագումար մը կազմակերպելու ընթացքին, այն ատեն ալ նախաձեռնողները ամբաստանուած էին ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դաւաճանութեամբ։

Շատ մը վաստակաւոր դեսպաններ յանկարծ սկսան հասակ ցոյց տալ հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ։ Դեսպանները իրենց տխուր դէմքերով ուղղութիւն ցոյց տուին մեզի, բացի ատկէ, յիշեցուցին որ ներողութիւն խնդրելը կը նշանակէ դաւաճանել ԱՍԱԼԱի կողմէ սպաննուած դիւանագէտներուն։ Այս բոլորը մեզի կը յիշեցնէին Մարլոն Պրանտոյի ՝՝Հայրիկ՝՝ ժապաւէնը, բայց այս անգամ մեր դիմաց Սիկիլիացի ընտանիք մը չկար, այլ կար 65-85 տարեկանի շուրջ վաստակաւոր դեսպաններու խումբ մը։ Ասոնք մեզի կը յիշեցնէին որ իրենց կորսնցուցած ընկերներուն համար արեան դատ ունէին։ Ի՞նչ կը նշանակէ եղեր ներողութիւն խնդրել, դիմացինին ցաւը բաժնել, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները մեղմացնել, եւլն...Այս վաստակաւոր դեսպաններու աշխատանքի շրջանին է, որ ձեւաւորուեցաւ Թուրքիոյ պաշտօնական թէզը։ 1973ին, երբ մեր առաջին դիւանագէտները սպաննուեցան Լոս Անճելըսի մէջ, կարելի էր հրապարակ իջնել եւ ըսել. Այո՛, 1915ին սարսափելի բան մը պատահեցաւ, Անատոլուի հայերուն մէկ մասը Իթթիհատական հրոսախումբերուն կողմէ սպաննուեցան։ Այս բոլորին համար կը ցաւինք, ներողութիւն կը խնդրենք, բայց գիտէք, թէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը 1923ին հիմնուեցաւ եւ դուք չէք կրնար մեզ պատասխանատու նկատել Օսմանեան շրջանին պատահածներուն։ Արդէն Աթաթիւրքն ալ հայերու գլխուն եկածին համար խորհրդարանին մէջ ՝՝ամօթալի՝՝ բառը գործածած էր։

Փոխանակ այսպիսի մարդասիրական մերձեցում ցոյց տալու, այդ օրերուն Թուրքիա պնդեց, որ հայերը ապստամբած էին, ուստի մենք ալ ստիպուեցանք արեւելեան նահանգներուն մէջ տեղահանութիւն գործադրել։ Հայերը ճամբան մեռան ցուրտի եւ ժանտատենդի հետեւանքով։ Թուրքիա այս կերպով յառաջ քշեց պնդում մը, որ փուլ կուգար նոյնիսկ եթէ մատովդ հպէիր։ Եւ այս դեսպանները, որոնք հիմա հեռատեսիլներու առջեւ կը տողանցեն, չելան եւ չըսին որ ՝՝ եահու, մենք ի՞նչ կընենք ՝՝։ Ի՞նչու կը պաշտպանենք Օսմանցիներու ոճիրները։ Անոնցմէ ոչ իսկ մէկը կրցաւ բացայայտ կերպով ըսել այսպիսի բան մը։ Անոնք խաբեցին թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ ամբողջ հաւաքականութիւնը։ Հիմա ալ կը պոռան. մեր վրայ չէք կրնար ցեղասպանութեան արատ քսել։ Մեծայարգ Պր. Դեսպան, եթէ այսօր իսկապէս ցեղասպանութեան արատ կը քսեն մեր վրայ, ատիկա եղաւ ձեր շնորհիւ։ 1970էն ի վեր այս երկրին մէջ հայկական քաղաքականութիւնը դուք ճշդեցիք, եւ ո՛չ թէ մենք։

Լոպպիական ընկերութիւններու միլիոնաւոր տոլարներ բաժնեցիք, քոնկրէսի մօտ բանաձեւերու դէմ եկաք հրէական լոպպիէն խեր սպասելով։ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը Իսրայէլէն կախեալ դարձուցիք։ Այո, բայց ի՞նչ շահեցաք ատոր փոխարէն։ Անմիջապէս ըսենք. 19 երկիրներու խորհրդարանները եւ 3 միջազգային կազմակերպութիւններ ընդունեցին որ հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են։ Այսինքն արդիւնքը իրական պարտութիւն մըն է։ Յօդուածագիրը իր յօդուածի վերջաւորութեան նահատանքով դիտել կու տայ որ երկու վաստակաւոր երիտասարդ դեսպաններ բացառութիւն կազմեցին եւ միացան հայերէ ներողութիւն խնդրելու արշաւին։








All the contents on this site are copyrighted ©.