2008-12-27 13:49:22

Զանազան Լուրեր։


 Թուրքիոյ Տիարպէքիր Քաղաքի Վերջին Հայ Ամոլը։

Պոլսոյ Մարմարա Օրաթերթէն կը տեղեկանանք որ Թուրքիոյ Տիարպէքիր քաղաքի կուսակալի տեակալ Ահմէտ Այտըն վերջերս այցելած է քաղաքին վերջին հայ ամոլը նկատուող Պայծառ Ալաթայի եւ Սարգիս Էքէնի ու օժանդակութիւններ տրամադրած է անոնց։ Թրքական ՝՝Զաման՝՝ թերթը կը գրէ, թէ կուսակալի տեղակալ Այտըն այցելած էր սուրիանիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն վերանորոգութիւնը վերջերս աւարտած է։ Ան խօսած է հայ զոյգին հետ, որ կապրի եկեղեցիին կից։ Կուսակալի տեղակալը յայտնած է, թէ անոնք Տիարպէքիրի մէջ միասնութեան մէկ խորհրդանշանը դարձած են ։ ՝՝Մեր իսկական պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ մեր այն հայրենակիցներուն, որոնց հետ միշտ միասին ապրած ենք՝՝, ըսած է Ահմէտ Այտըն ընդունելով, որ ՝՝քիչ մը ուշացած են՝՝ ։ Ան հազար թրքական լիրայի օժանդակութիւն ըրած է ու սննդեղէն տրամադրած է հայ ամոլին։



Մինչեւ Նոր տարի Եւրոմիութեան բնակչութեան թիւըկը հասնի կէս միլիառի։

Մինչեւ 2009-ի՝ Յունուար 1-ը Եւրոպական Միութեան բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 499,7 միլիառի։ Այդ մասին վերջերս հրապարակուեցաւ եւրոպական վիճակագրական գործակալութեան՝ Eurostat-ի կողմէ պատրաստուած տեղեկագիր մը։ Մեկնելով վիճակագրութեան նախորդ տուելներէն՝ փորձագէտները յանգած են այն եզրակացութեան, թէ բնակչութեան թիւի յաւելումը կը կանխատեսուի Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրներէն՝ 20ին համար, իսկ մնացեալ 7 պետութիւններուն մէջ, հաւանաբար՝ բնակչութեան թիւի նուազում մը պիտի արձանագրուի։ Բնակչութեան աճի ցուցանիշով առաջատարներն են Իռլանտան (+26,1 մարդ հազար բնակիչի հաշուով), Լիւքսեմպուրկը (+16,2), Կիպրոսը (+15,5), Սլովենիան (+13,5) եւ Սպանիան (+12,5), իսկ Պուլկարիոյ (-5), Լիտվանիոյ (-4,8) եւ Լատվիայի (-4,3) մէջ բնակչութեան թիւը, ըստ նախատեսումներու պիտի նուազի։








All the contents on this site are copyrighted ©.