2008-12-25 13:27:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ծննդեան պատգամը


 Հինգշաբթի դեկտեմբ 25, տօն Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց ս. Պետրոս տաճարին մէջ, տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Կէսօրին նորին սրբութիւնը ս. Պետրոս տաճարի ճակատի պատշգամէն ծննդեան պատգամը ուղղեց քրիստոնեայ աշխարհին ու բարի կամք ունեցող մարդոց եւ որուն աւարտին Սրբազան Հայրը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։

իր ծննդեան պատգամին մէջ նորին սրբութիւնը խօսեցաւ Աստուծոյ Որդիի աշխարհ գալու իմաստին ու նպատակին մասին եւ հրաւիրեց մարդիկը հետամուտ ըլլալու խաղաղութեան ու զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ըրաւ թէշուառութեան մէջ ապրող մանուկներու ի խնդիր։ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը սկսաւ հետեւեալ խօսքերով. Աստուծոյ շնորհքը, աղբիւր` մարդոց փրկութեան, յայտնուեցաւ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր Պօղոսի խօսքերով Յիսուսի ս. Ծնունդը կը շնորհաւորեմ, այո այսօր Աստուծոյ շնորհքը, աղբիւր` մարդոց փրկութեան, յայտնուեցաւ։ Աստուծոյ շնորհքը յայտնուեցաւ. ահա այս պատճառաւ Ծնունդը լոյսիի տօն կը կոչուի։ Յիսուս ինքնին լոյս է։ Երբ ան կը յայտնուի խաւարը կը փարատի, ու կարելիութիւն կու տայ հասկնալու մեր կեանքին իմաստն ու նպատակը։ Ամէն մէկ մսուր խօսուն հրաւէր մըն է բանալու մեր հոգին կեանքի խորհուրդին։ Քրիստոսի ծնունդը հանդիպումն է յաւիտենական կեանքի։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, որ զիս կը լսէք հաղորդկցութեան միջոցներով, ձեզի կ՛ըսեմ Քրիստոսի ծնունդը յոյսի պատգամ է։ Յիսուս բոլորին համար ծնաւ։ Ան չարը բարրի կը փոխէ, մարդու սիրտը կը շարժէ, զայն դարձնելով խաղաղութեան ովասիս մը։ Յիսուս ծագող Արեգակը մեր մէջ կը բնակի լուսաւորելու համար անոնք որ նստած են մահուան ստուերին եւ խաւարին մէջ, ուղղելու մեր քայլերը խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ նորին սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակելով Աստուծոյ շնորհքը յայտնուեցաւ։ Յիսուս ծնաւ Ս. Կոյս մարիամէն, Աստուած յԱստուծոյ, լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած։

Սիրելիներ, Քրիստոսսի գալուստը թող ունայն չըլլայ մեզի համար, Ան իր դէմքը մեզի ցոյց տուաւ, լի շնորհօք եւ գթութեամբ, փնտռենք Յիսուսը, հրապուրուինք իր լոյսով, Ան մեր սրտէն կը խլէ տխրութիւնը, անձկութիւնը եւ վախը։ Վստահութեամբ մօտենանք անոր, խոնարհութեամբ երկիրպագանենք անոր առջեւ։ Ձեզի ամէնուդ ս. Ծնունդ կը շնորէաւորեմ։

Քրիստոս ծնաւ եւ յատնուեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.