2008-12-24 13:54:07

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը իր առաջին առաքելական ճամբորութիւնը պիտի կատարէ Ս. Երկիր յառաջիկայ Մայիսին։


 Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ Ս. Ծննդեան պատագմին մէջ յայտնեց թէ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Ս. Երկրին Մայիս ամսուան մէջ։ Արդարեւ Սրբզ. Հայրը 2009-ի Մայիս 8-15, յաջորդաբար պիտի այցելէ. Յորդանանը` Մայիս 8-ին, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Յորդանանի թագաւորին հետ եւ երջ. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի նման պիտի այցելէ ՜՜Նեպօ՝՝ լեռը, ուր վախճանած էր Մովսէս, եւ Յորդանանի գետի ափը, ուր աւանդութեան համաձայն Յովհաննէս Կարապետ Յիսուսը մկրտեց։ Ապա Սրբազան Հայրը 11 Մայիսին պիտի ուղղուի Իսրայէլ. Նորին Սրբութիւնը Թել Ավիւի օդկայանին մէջ պիտի ընդունուի նախագահ Շիմոն Բերէսի կողմէ որ բարի գալուստ պիտի մաղթէ Սրբզ. Պապին։ Հուսկ Նորին սրբութիւնը Պաղեստինի Նազարէթ եւ Բեթղեհէմ քաղաքները պիտի այցելէ եւ հոն պատարագ մատուցանէ։ նոյնպէս` Նորին Սրբութիւնը Երուսաղէմի մէջ պատարագ պիտի մատուցանէ։, Սրբազան Հայրը, Հռոմ պիտի վերադառնայ Ուրբաթ 15 Մայիսին ։

Յայտնենք թէ նախապէս Ս. Երկիրը այցելած են երկու Քահանայապետներ. երջ. Պօղոս Զ, 1964-ի Յունուար 4-6, եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ 2000-ի Մարտ 20-26։ Ս. Երկրի ուխտագնացութիւնը պիտի հանդիսանայ Իտալիայէն դուրս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 12-րդ ճամբորդութիւնը յետ Գամերուն եւ Անկոլա առաքելական ճամբորդութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.