2008-12-23 11:17:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. քահանայապետին պատգամը Թէզէի հանդիպումին մասնակցողներուն։


Թէզէյի քրիստոնեայ հասարակութեան կազմակերպութեամբ, 29 դեկտեմբեր 2008էն մինչեւ 2 Յունուար 2009Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՛ունենայ եւրոպայի երիտասարդներու տարեկան հաւաքը։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. քահանայապետը Պրիւքսէլի հաւաքին իր ուղղած պատգամին մէջ կը գրէ. ՜՜Սիրելի երիտասարդներ, Թէզէյի քրիստոնեայ հասարակութեան նախաձեռնած հաւաքը Պրիւքսէլի մէջ բարեպատեհ առիթ մըն է ձեզի, հարց տալու թէ՝ կեանքի ո՞ր աղբիւրէն կ՛ապրինք։ Կը փնտռէք յոյսի աղբիւրը դուք ձեզի եւ աշխարհի համար, բացուելով Քրիստոսի` աղօթքի ու Աւետարանի ընթերցումով եւ բաժնելով ձեր ձգտումներն ու ակնկալութիւնները Եւրոպայի ու աշխարհի այլ երիտասարդներու հետ, Եկեղեցւոյ մէջ, որպէս վայր հաղորդակցութեան ու բարեկամութեան։ Քահանայապետը ինքզինք մօտ կը զգայ ձեր այս վստահութեան, ուխտագնացութեան երկրի վրայ, որ տարիներ առաջ նախաձեռնած էր եղբայր Ռոժէն, հիմնադիրը Թէզէյի քրիստոնեայ հասարակութեան։ Յոյսով եմ որ ձեր այս հաւաքին ընթացքին պիտի կարենաք ուրիշներուն հաղորդել յոյսը որ կը բնակի ձեր մէջ ու միաժամանակ աշխատիլ փարատելու աշխարհի վրայ տիրող չքաւորութիւնը, անարդարութիւնը եւ ընդհարումները։ Աստուած պէտք ունի ձեր հաւատքին, ձեր ստեղծագործութեան եւ նախաձեռնող ոգիին։ Անոր կոչին պատասխանելու համար, ձեզի կու տայ Ս. Հոգւոյն ներկայութիւնը։ Ան է որ կը վերանորոգէ ձեր ոյժը երբ յոգնած էք ու վհատած։ Զօրացած Ս. Հոգիէն հաստատ մնացէք յոյսին մէջ եւ ձեր սիրտը թող բաց մնայ։ Ձեզ կը յանձնարարեմ ամենասուրբ Կոյս Մարիամին` մայրը հաւատացեալներուն։ Սրբազան Քահանայապետը իր առաքելական օրհնութիւնը կու տայ ձեզի բոլորիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.