2008-12-23 11:25:27

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստան-Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը գործարար համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։


Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 Դեկտեմբերին իր նստավայրին մէջ, ընդունելութեան հրաւիրած էր Հայաստանի գործարար համայնքի հարիւրէ աւելի ներկայացուցիչներ։ Շնորհաւորելով հրաւիրեալներուն գալիք Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը՝ հայրենի նախագահը, մասնաւորապէս, ըսած է. ՜՜ Բոլորս լաւ գիտակցինք, որ 2009 թուականը պիտի ըլլայ յամառ աշխատանքի տարի։ Բոլորիս խնդիրն է, պետութեան ու մասնաւոր հատուածին, դիմագրաւել սերտ համագործակցութեամբ՝ ներկայ մարտահրաւէրները եւ բռնել ժամանակի քննութիւնը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին յաջողութիւնը իր ասպարէզին մէջ, մեծ հաշիւով, բոլորիս յաջողութիւնն է՝՝։



Ասիական զարգացման դրամատան օժանդակութիւնը Հայաստանին

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան եւ փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան Հայաստանի կառավարութեան անունով Ասիական զարգացման դրամատան հետ ստորագրած են Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ծրագիրի նախապատրաստման նպատակով թեքնիք օժանդակութեան տրամադրման վերաբերող համաձայնագիր մը, որով Ասիական զարգացման դրամատունը թեքնիք օժանդակութեան յատուկ հիմնադրամի միջոցներէն Հայաստանի կառավարութեան դրամաշնորհային հիմունքներով 1 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ։ Թեքնիք օժանդակութեան ծրագիրին մէջ (ըստ Նոյեան Տապան գործակալութեան) ներառուած է հայկական կողմին առաջարկը՝ ծրագիրի ծիրին մէջ տասնամեայ գործողութիւններու ծրագիրը մշակելու ընթացքին հաշուի առնել Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի հարաւային հատուածին մէջ միաժամանակ երկաթուղիի եւ ճամբու կառուցման կարելիութիւնը։



Լիբանան - Համազգայինի Կարկաչ մանկապատանեկան երգչախումբի ելոյթը։

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Էսեմպլի Հոլ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի հայաշատ թաղամասի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կարկաչ մանկապատանեկան երգչախումբի Ս Ծննդեան տօնին նուիրուած համերգը ներկայութեամբ՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ Փիթըր Տորմենի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Կոմիտաս արք Օհանեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, համազգայնականներու, ծնողներու եւ ժողովրդային մեծաթիւ բազմութեան մը։ Այս առթիւ Կարկաչ երգչախումբի անդամները խմբավարութեամբ Զաքար Քեշիշեանի երգեցին բազմաթիւ լեզուներով Ս Ծննդեան տօնին ու Նոր տարուան նուիրուած երգեր, ինչպէս՝ Աւէ Մարիա, Քումպայա, Սիրուն հրեշտակներ, Սուրբ Ծնունդ, Նոր տարուան զանգեր, Հիր Քամզ Սանթա Քլոզ եւ Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելին. դաշնակի ու փայփ օրկընով անոնց կ՝ընկերանար Կամիլա Քեշիշեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.