2008-12-23 14:36:29

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պլպուլ երգչախումբի հիմնադրութեան 25-ամեակի առթիւ Ս Ծննդեան համերգ...


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրրիարք Ամեն. եւ Գերերջ.Տ.Տ.Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի՝ կազմակերպութեամբ Ս Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, ներկայութեամբ նաեւ՝ Անթուան Էմիրզեան բարերար ամոլին, 20 դեկտեմբեր 2008-ին Պէյրութի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս Ծննդեան համերգ՝ կատարողութեամբ Բլբուլ մանկապատանեկան երգչախումբին, անոր հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով։ Երգչախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է Մանուէլ Քեշիշեան, դաշնամուրի վրայ անոր կ՝ընկերանար Ռուպինա Զաքարեան, իսկ սրինգով՝ Գէորգ Քեշիշեան։ Օրուան հանդիսավարը՝ Անայիս Կետիկեան խօսք առնելով՝ յայտնեց, որ Բլբուլ մանկապատանեկան երգչախումբը հիմնուած է 1983-ին, Յովհաննէս եպս Թէյրուզեանի մտայղացումով եւ ղեկավար Մանուէլ Քեշիշեանի գործադրութեամբ։

Ս՝ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդաապետը Գեր. Հ. Սարգիս վրդ Դաւիթեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ իր հիմնադրութեան թուականէն ի վեր Բլբուլը չէ դադրած երգելէ հոգեւոր եւ ազգային երգեր։ Երգչախումբը այն միջավայրը եւ բոյնն է ուր՝ պատանիին հոգիին մէջ կը զարգանայ սէրը, ինչպէս նաեւ արուեստի եւ գեղեցիկի գաղափարը, հաստատեց վարդապետը՝ աւելցնելով, որ այն ժողովուրդը որ՝ երգ չունի, լճացած եւ տխուր ժողովուրդ մը կըլլայ՝ ենթակայ ամէն տեսակի վտանգներու, առանց հոգիի ազնուութիւն եւ վեհութիւն ունենալու։ Պլպուլի հիմնադիր անդամներէն Պեանքա Քեքեճատուրեան նկատել տուաւ, որ 12 տարեկան հասակին մաս կազմած է երգչախումբին, ուր սորված է հոգեւոր, ազգային եւ հայրենասիրական երգեր։ Ան նաեւ ներկաներուն հետ բաժնեց կարգ մը յիշատակներ։ Յայտագիրը կը բաղկանար երեք բաժիններէ առաջին բաժինով 47 հոգիէ բաղկացած Բլբուլ մանկական երգչախումբը ներկայացուց հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն երգերու փունջ մը, ինչպէս նաեւ չորս կարճ կենդանի պատկերներ (բեմադրութեամբ Յարութ Հարպոյեանի)։ Երկրորդ բաժինով Պլպուլ մանկապատանեկան երգչախումբը իր 52 անդամներով մեկնաբանեց հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն երգեր։ Երրորդ բաժինով Արծիւեան երգչախումբի անդամներ, որոնք նախապէս մաս կազմած են Պլպուլին, ներկայացուցին երեք երգեր։

Երեկոյթի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքին Յովհաննէս եպս Թէյրուզեանի, Սարգիս վրդ Դաւիթեանի, եւ երգչախումբի ղեկավար Մանուէլ Քեշիշեանի։ Նշենք թէ՝ Պլպուլ երգչախումբի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ պապը շնորհաւորագիր մը ուղարկած էր, որ ընթերցուեցաւ Յովհաննէս եպս Թէյրուզեանի կողմէ։ Ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսք ուղղեց Յովհաննէս եպս Թէյրուզեան, որ նկատել տուաւ, թէ հակառակ նիւթական եւ այլ բնոյթի զանազան խոչընդոտներու, Պլպուլ երգչախումբը գոյատեւած է եւ գոհունակութիւն յայտնեց համայնքին մէջ նման երգչախումբի գոյութեան համար, որովհետեւ անիկա իր ղեկավարով եւ անձնակազմով կամբողջացնէ տան եւ դպրոցի դաստիարակութիւնը՝ ջամբելով քրիստոնէական եւ ազգային հոգի։ Հուսկ՝ Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը, եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց, կոչ ուղղելով բոլոր ծնողներուն որ իրենց զաւակները վստահին Պլպուլ երգչախումբին, որովհետեւ հոն կը կազմաւորուի անոնց նկարագիրը, եւ կը սորվին քրիստոնէական եւ ազգային սկզբունքներ։ Հոն կը զօրանայ իրենց հայրենասիրական եւ հայկական ինքնութեան զգացումը։ Ձեր զաւակները (եզրափակեց Ամեն Հոգեւոր Տէրը) Պլպուլ երգչախումբին մաս թող կազմեն ոչ միայն երգի կամ ժամանցի համար, այլեւ՝ քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութիւն ստանալու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.