2008-12-22 13:22:37

Լուրեր հայ աշխարհէն

Երեւան-՜՜Տեղեկատուական պատերազմներ ՝՝խորագրով միջազգային գիտաժողով՝

նուիրուած Արմէնփրէս լրատուական գործակալութեան 90-ամեակին։


Դեկտեմբեր 18 եւ 19-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Տեղեկատուական պատերազմներ խորագրով միջազգային գիտաժողով, նուիրուած՝ Արմէնփրէս լրատուական գործակալութեան 90-ամեակին։ Կազմակերպուած Արմէնփրէս-ի 90-ամեակի պետական յոբելենական յանձնաժողովի, ԵՊՀ լրագրողական դպրոցի եւ Արմէնփրէս լրատուական գործակալութեան կողմէ։ Գիտաժողովին ելոյթ ունեցած են թէ արտասահմանեան առաջատար լրատուական գործակալութիւններ եւ թէ հայաստանեան լրատուամիջոցներու ղեկավարներ եւ հիւրեր։ Սոյն Գիտաժողովի շրջանակներէն ներս բացումը կը կատարուի նաեւ ՜՜90 տարի Հայաստանի հետ՝՝ լուսանկարչական ցուցահանդէսին։



Սուրիա- երգարան ու բառարանի նորատիպ հրատարակութիւն

Սուրիոյ հայաշատ քաղաք Հալէպի՝ Կիլիկիա հրատարակչատան նորատիպ հրատարակութիւններուն մէջ, ի շարս այլոց, վերջերս ուշադրութիւն գրաւեցին հայերէն ընդարձակ երգարան մը (2008) եւ ուսանողներու յատուկ անգլերէնէ հայերէն շատ գործնական բառարան մը (2007)։

Երգարանը կը կոչուի Նոր Քնար կը բաղկանայ 610 էջերէ։ Ասիկա լուսանկարային պատճէնահանեալ անփոփոխ վերահրատարակութիւնն է 1963-ին Պէյրութ տպագրուած նոյնանուն երգարանին, զոր կազմած էր ծանօթ մտաւորական Կարօ Գէորգեան (1895-1975)։ Գէորգեան հայ մամուլի անդաստանին մէջ ունեցած էր հրապարակագրական լայնածիր գործունէութիւն մը, բայց համբաւ ձեռք ձգած էր մասնաւորաբար իր նշանաւոր Ամէնուն տարեգիրքըներով, որոնք Սփիւռքի տարածքին լայն ժողովրդականութիւն վայելած էին 50-ական եւ 60-ական թուականներուն։

Հալէպի Կիլիկիա հրատարակչատունը վերահրատարակած է այդ պատկերազարդ ծաւալուն երգարանը, զայն դնելով նոր օրերու հայ ընտանիքներու սեղանին վրայ։ Ան ունի գեղաճաշակ ու գունաւոր ամրակազմ նոր կողք մը։ Անոր սկիզբը հրատարակիչ՝ Մաթիկ Էպլիղաթեան ներկայացուցած է , երեքուկէս էջերու սահմանին մէջ, Կարօ Գէորգեանի կենսագրական տուեալները։

Նոր Քնար երգարանը կը պարունակէ շուրջ 700 երգեր։ Կարօ Գէորգեան զանոնք ժողված է ինը առանձին գլուխներու տակ՝ ըստ անոնց բնոյթին։ Այսպէս, կան ազգային-հայրենասիրական երգեր, ռազմական-յեղափոխական երգեր, քայլերգներ, աշուղական երգեր, ժողովրդական եւ հայրենական երգեր (ամէնէն ճոխ բաժինը, մօտ 250 էջ), հոգեւոր երգեր, թատերական երգեր, հայկական պարեղանակներ ու վերջապէս դպրոցական երգեր։ Այս երգերուն կարեւոր մէկ մասին կից՝ տրուած է անոնց ձայնագրութիւնը, ինչ որ պատեհութիւն կը ստեղծէ՝ երաժշտական գործիքներու օգտագործումով ծանօթանալու տուեալ երգերու եղանակներուն։ Երգարանը օժտուած է նաեւ գործնական անհրաժեշտ յաւելուածական բաժինով մը։ Այբբենական շարքով տրուած է հատորին մէջ ընդգրկուած երգերուն ամբողջական ցանկը, կայ ընդհանուր բառացանկ մը՝ երգերուն մէջ նշմարուած դժուարահասկնալի բառերուն տակաւին կան նաեւ պատկերներու եւ դիմանկարներու ցուցակներ։

Գալով՝ Անգլերէն-հայերէն ուսանողական բառարանին անիկա գրեթէ ամենավերջին ստեղծագործական աշխատանքը կը նկատուի լիբանանահայ երբեմնի հրապարակագիր, պատմագրող եւ բառարանագիր Մարտիրոս Գուշագճեանին (1927-1999)։ Գուշագճեան, տասնամեակներ առաջ (1970) համբաւ ձեռք բերեր էր արդէն իր անգլերէնէ-հայերէն ու հայերէնէ-անգլերէն Արդի բառարաններով, զորս պատրաստեր էր վեր Տիգրան Խնդրունիի գործակցութեամբ, եւ որոնք արագօրէն սպառելով՝ հետագային ունեցեր էին յաւելեալ երկու վերահրատարակութիւններ եւս (Տօնիկեան հրատարակչատունէն, Պէյրութ)։Նորատիպ այս բառարանին հրատարակիչ Էպլիղաթեան յայտնած է թէ Մարտիրոս Գուշագճեանի անակնկալ մահը պատճառ եղած է, որ այս բառարանը մնայ իր սկզբնական անկատար եւ թերի վիճակին մէջ։ Կիլիկիա հրատարակչատունը զայն վերամշակելու պարտականութիւնը յանձնած է հալէպաբնակ հմուտ ուսուցչուհի Ալիս Գույումճեանին (անգլերէն լեզուի երկարամեայ նախկին դասատու՝ Հալէպի պետական համալսարանին մէջ)։ Օրդ Գույումճեան, պահելով հանդերձ Գուշագճեանի կազմած բնագրին էական խարիսխը, ամբողջովին վերակազմած է բառարանը ու համալրած զայն։ Այս սիրուն ու երկգոյն (սեւ ու կարմիր բառեր) բառարանը կը բաղկանայ 608 էջէ։ Կը պարունակէ 18,500 անգլերէն բառերու բացատրութիւնը։ Գործը դիւրատար դարձնելու միտումով՝ անգլերէն բառերուն կողքին, փակագիծի մէջ, տրուած է անոնց հայատառ հնչիւնը։ Այս հնչիւնները ընդհանրապէս կը հետեւին օքսֆորտեան հնչաբանութեան։ Իսկ բառերուն հայերէն բացատրութիւնները ընդհանրապէս տրուած են 3-4 հոմանիշներով. վերստուգումը կատարած է Էօժենի Դանիէլեան, իսկ անգլերէն բաժինինը՝ Պեթի Էպլիղաթեան, երկուքն ալ՝ հալէպաբնակ։



Երեւան- Հովանաւորութեամբ՝ ՀԲԸՄի Ճատրակի Գ. Համադպրոցական Ողիմպիականը։

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը՝ արդէն 2րդ տարին է, որ կը հովանաւորէ Հայաստանի դպրոցականներու ճատրակի ողիմպիականը։ Երկրորդ եւ երրորդ հանգրուաններու յաղթողներուն նուիրուած է ճատրակի հանրագիտարան, իսկ եզրափակիչի յաղթողներուն՝ համակարգիչներ։ ՀԲԸՄը 2008-2009 ուսումնական տարեշրջանի նուիրատուութեան շուրջ համաձայնութիւն կնքած է Հայաստանի գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան, նաեւ ճատրակի դաշնակցութեան հետ։ Ըստ համաձայնութեան, պիտի կազմակերպուի Հայաստանի դպրոցականներու ճատրակի Գ. ողիմպիականը, որուն համար ՀԲԸՄը արդէն տրամադրած է ճատրակի 2000 տախտակ եւ համապատասխան քարեր՝ Հայաստանի մարզերու եւ ԼՂՀի շուրջ 800 դպրոցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.