2008-12-21 13:10:44

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


 Յառաջիկայ երեք տարիներու՝ ՜՜Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն բնաբաննրը՝՝։

Ի պատրաստութիւն 2011-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան միջազգային հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մայրաքաղաք՝ Մատրիտի մէջ Օգոստոս 16-21, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ յառաջիկայ երեք տարիներուն համար, ընտրեց հետեւեալ թեմաները.

2009-ի՝ 24-րդ օրուան բնաբանը, ներշնչուած Դիմոտոսի առաջին թուղթէն գլուխ 4, Ժ. համարը. ՜՜Մեր յոյսը դրած ենք կենսատուԱստուծոյ վրայ՝՝։

2010-ի՝ 25-րդ օրուան բնաբանը, ներշնչուած Մարկոսի Աւետարանէն գլուխ 10, ԺԷ. համարը. ՜՜Վարդապետ բարի, ինչ պէտք է ընեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը իբրեւ բաժին ժառանգեմ՝՝։

2011-ի՝ 26-րդ օրուան բնաբանը, ներշնչուած՝ Կողոտացիներու թուղթէն գլուխ 2, Է. համարը. ՜՜Արմատացած եւ հաստատուած անոր վրայ, հիմնուած հաւատքի վրայ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.