2008-12-20 08:30:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ Մայիս 24ին ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Մոնթէքասինօ Պենետիկտեաններու վանքը։


Հետեւելով Ս. Պենետիկտոսի հետքերուն, Սրբազան Քահայանապետը յառաջիկայ Մայիս ամսոյն մէջ ուտագնացութիւն պիտի կատարէ Մոնթէքասինօ Պենետիկտեան աբբայարանը, յայտարարած է վերոյիշեալ վանքին մեծաւորը` հայր Բիեդրօ Վիթորելլին։

Իր առաջին ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, 27 ապրիլ 2005, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն բացայայտած էր թէ ինչու ընտրած է Պենետիկտոս անունը։ Ս. Պենետիկտոս եղած է հիմնադիրը արեւմտեան վանականութեան, յատուկ կերպով մեծարուած է Գերմանիոյ մէջ եւ մասնաւորապէս Պավարիայի մէջ։ Ս. Պենետիկտոս մեծապէս սատարած է քրիստոնէութեան ծաւալումին Եւրոպայի մէջ, ու անոր ժողովուրդին միութեան, շնորհիւ քրիստոնէական մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան։ Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետը 1964ին Ս.Պենետիկտոսը հռչակած էր Եւրոպայի պաշտպան սուրբը։ Ինչպէս ըսինք, ան հիմնադիրն է պենետիկտեան կրօնաւորական միաբանութեան, որուն կանոնագիրքը կարելի է համառօտել հետեւեալ երկու բառերով. աղօթէ եւ աշխատէ։

Սրբազան Քահայանապետին, 2009ի այցելութիւններու յայտագիրը կը նախատեսէ երեք ճամբորդութիւններ իտալիայէն ներս։ Մոնթէքասինոյի Պենետիկտեան աբբայարանը առաջինը կը հանդիսանայ, 24 մայիսին։ Ապա Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Սան Ճիովաննի Ռոդոնտօ ուխտավայրը, ուր ապրած է հանրաճանաչ Բատրէ Բիօ սուրբը, Յունիս 21-ին ։ Եւ հուսկ պիտի այցելէ Վիդերպօ եւ Պանիորեճիօ թեմերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.