2008-12-20 08:29:57

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւնշ, 21 Դեկտկմբեր 2008

Վեցերորդ Կիրակի Յիսնակաց


Եւ ասիկա իր տունը դարձաւ արդարացած՚ (Ղուկաս 18, 9-14)

Այս կիրակի Քրիստոսի խրատը աղօթքի մասին է։

Կը պատմէ առակ մը, կամ աւելի ճիշդ` իրական դէպքէ մը կը քաղէ դաս մը իր աշակերտներուն համար։ Կը ներկայացնէ մեր առջեւ երկու անձեր, երկու հրէաներ, որոնք կ՛ապրին նոյն շրջանին, սակայն իրարմէ բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ եւ զգացումներով իրարմէ շատ հեռու։

Առաջինը Փարիսեցի մըն է, օրէնքի մարդ, տաճարի բոլոր հրամայականները ճշգրիտ կերպով իրագործող եւ ուրիշներուն օրինապահութեան օրինակ եւ օրէնուսոյց։

Իսկ երկրորդը Մաքսաւոր մըն է. Այս մարդը ամէն տեսակ խախտում կը կատարէ Աստուծոյ օրէնքին, աւելի կարեւորութիւն կու տայ օտարներու, այսինքն այս պարագային` Հռոմայեցիներու օրէնքներուն եւ կը գանձէ ժողովուրդէն ոչ միայն օտար պետութեան տրուելիք հարկերը, այլ առիթէն կ՛օգտուի ինք եւս իր գրպանը լեցնելու։

Աշակերտներու համակրութիւնը բնականօրէն կ՛երթայ փարիսեցիին, որովհետեւ ամէն հրէայ գիտէ թէ փարիսեցիները որքան նախանձախնդիր են Տիրոջ օրէնքի նկատմամբ. Վստահաբար այս փարիսեցին շատ աւելի կարեւոր բաներ ունի ըսելիք իր աղօթքին մէջ քան բոլոր մարդիկը որոնք տաճարին մէջ իրենց աղաղակը կը բարձրացնեն առ Աստուած։ Անպայման Յիսուս ալ պիտի գովէ ու դրուատէ զինքը եւ իր աղօթքն ու աղօթած ձեւը որպէս օրինակ պիտի ներկայացնէ բոլորին։

Իսկ ո՞վ է այն մեղքերով լի գարշելի արարածը, որ կը համարձակի մօտենալ Աստուծոյ տան, ինք որ միշտ անարդար եղած է իրեններուն հանդէպ եւ ապրած է իրեն պէս` ընկերութենէն հեռու մնացած անձերու հետ, յաճախ, ինչպէս կ՛ըսէ Աւետարանը, պոռնիկներու հետ ընկերութիւն ըրած է. Պէտք են քահանաները արգիլել իր մուտքը տաճար եւ վռնտեն զինք Աստուծոյ տունէն։

Եւ ահա, ով զարմանք. Յիսուս կը գովէ եւ իբր օրինակ կու տայ այդ ցած ու մեղաւոր մաքսաւորին աղօթքը. Մանաւանդ կ՛ըսէ. Ան դարձաւ իր տունը արդարացած։ Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել ասիկա. Ի՞նչ է այն նոր վարդապետութիւնը զոր Յիսուս կ՛ուզէ սորվեցնել, ուր աղքատն ու սգաւորը երանելի են, մաքսաւորն ու աւազակը շնորհք կը գտնեն Աստուծոյ առջեւ. Մինչդեռ հարուստն ու երջանիկը պարսաւելի են, իսկ օրէնքի մարդիկն ու քահանաները շնորհք չեն ստանար Տիրոջմէ։

Այսպէս է Աստուծոյ դատողութիւնը. Ան բոլորովին տարբեր է մարդկայինէն. Ինչ որ ինք կը տեսնէ, մենք չենք կրնար տեսնել. Մենք կը դատենք յաճախ արտաքինէն, մէկու մը հագուածքէն կամ շարժուձեւերէն եւ կամ խօսքերէն։ Յիսուս կը քննէ մարդուս սիրտը եւ կը տեսնէ անոր իսկական դիտաւորութիւնը. Արտաքինը որեւէ արժէք չի ներկայացներ իր աչքին. Իր օրէնքը այս է. Աստուծոյ առջեւ, ով որ ինքզինք բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ։

Աստուծոյ լաւագոյն մօտեցումը խոնարհ զղջումն է. Ով որ կ՛ուզէ մտնել Աստուծոյ մտերմութեան մէջ, աղօթքով, պէտք չէ ինք իր անձին գովասանքն ընէ. Տէրը շատ լաւ գիտէ մեր արժանիքները եւ պատրաստ է մեզ վարձատրելու անոնց համար, սակայն կ՛ուզէ որ նաեւ խոնարհաբար ընդունինք մեր պակասութիւնները, որպէսզի դարմանէ զանոնք եւ տայ առատօրէն իր շնորհքները մեր հոգւոյն։

Սիրելի հաւատացեալ, այսուհետեւ տեղեակ ես թէ Յիսուս ինչ կը սպասէ քեզմէ. Խոնարհ մօտեցում իր սուրբ խորանին. Սիրտ սուրբ եւ հոգի խոնարհ Աստուած ոչ արհամարհէ. Այլ ընդհակառակը` կը մեծարէ եւ իր շնորհքը կու տայ խոնարհին. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.