2008-12-19 12:44:56

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ս. Աթոռի մնայուն դէտին միջամտութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ։


Ս. Աթոռի մնայուն դէտը` գերապայծառ Silvano Tomasi խօսք առնելով Ժընեւի նիստին իր վերապահութիւնը յայտնեց ՄԱԿի կողմէ ներկայացուած՝ կարծեցեալ նոր մարդու իրաւունքներու մասին։ Առանց բացայայտօրէն խօսելու՝ այդ նոր իրաւունքներու մասին, որոնք կը հային վիժումի, հեշտամահի, միասեռական ամուսնութեան մասին, Վատիկանի դիւանագէտը ըսաւ որ ՜՜ընտանիքը կարող է դառնալ մարդու արժանաւորութեան ու հիմնական իրաւունքներուն գլխաւորը՝՝։ ՄԱԿը կանչուած է գործադրել տալու Մարդու Տիեզերական յայտարարութիւնը, պաշտպանելով՝ ընտանիքի յարգանքը, ամուսնութիւնը` որպէս միութիւն այր եւ կնոջ միջեւ, կրօնքի ու խղճի ազատութիւնը ու պետութեան իշխանութեան սահմանափակումը կեանքի արժէքներուն ու հիմնական իրաւունքներուն կապակցութեամբ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.