2008-12-19 12:42:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան ճառը 11 դեսպաններուն, հաւատարմագրերու ներկայացումի արարողութեան առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Պապը, Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2008-ին ընդունեց 11 երկիրներու դեսպաններու հաւատարմագրերը. անոնց ուղղած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց անմարդկային տնտեսութիւնը, որ կը ստրկացնէ մարդը, ի շահ խումբ մը հզօրներուն։ Սրբազան հայրը օգտուելով 11 երկիրներու դեսպաններու ներկայութենէն խօսեցաւ ՝՝զանազանութեան՝՝ նիւթին մասին, որ յաճախ վախ կը պատճառէ, որովհետեւ մարդը աւելի կը նախընտրէ միաձեւութեան միապաղաղութիւնը։ Միաձեւութիւնը յաճախ կը մղէ անհատը ստրկութեան, որ հակառակ է մարդու բնութեան։ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց որ քաղաքականութեան մէջ չկայ միակ տիպար մը, քանի որ քաղաքականութեան մտածողութիւնը, ենթակայ՝ ժամանակի ու փորձառութեան, յարատեւ յեղաշրջումի մէջ է եւ կը պատշաճի ներկայ մարդու պահանջքներուն։

Իսկ ուրբաթ օրը, 19 դեկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Սէյշելի նոր դեսպանը` տիար Graziano Luigi Triboldi.

Նախապէս, Նորին Սրբութիւնը ` ՜՜Փրկչին Մայրը՝՝ անուան մատրան մէջ, ներկայ գտնուեցաւ իր անմիջական գործակիցներուն հետ միասին, Յիսնակացի պատրաստութեան Գ. խորհրդածութեան, զոր կատարեց Քահանայապետական Տան քարոզիչը՝ ֆրանչիսքեան հայր Ռանիէրօ Գանդալամեսսան։

Այսօրուան խորհրդածութիւնը ներշնչուած է Պօղոս առաքեալի Գաղտիացիներու ուղղած թուղթէն. ՜՜Երբ հասաւ ժամանակներու լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէն՝՝։



Եկեղեցին պէտք է ներկայ մնայ ՜՜հաղորդակցութեան միջոցներու աշխարհի մէջ՝՝։



Հինգշաբթի օրը այցելելով Վատիկանի հեռուստատեսիլի կեդրոնը, Վատիկանեան Հեռուստատեսիլի հիմնարկութեան 25րդ տարեդարձին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը՝ ըսաւ. ՜՜ Եկեղեցւոյ պատգամը պէտք է ներկայ ըլլայ հաղորդակցութեան միջոցներու աշխարհին մէջ՝՝։ Եկեղեցին քըսաւ ան) պէտք չէ բացակայ ըլլայ հոն՝ ուր միլիոնաւոր հոգիներ կը հետեւին անցուդարձերուն. պատասխաններ փնտռելով իրենց կեանքի նշանակութեան մասին։ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց Վատիկանի Հեռուստատեսիլի կեդրոնը որ ատակ միջոցներ որոնէ սփռելու ու տարածելու ՜՜Յոյսի ձայնն ու պատկերը ՝՝։ Ապա Սրբազան Հայրը յիշեցուց Վատիկանի Հեռուստատեսիլի աշխատակիցներուն որ իրենց աշխատանքը կը ներկայացնէ կարեւոր սպասարկութիւն մը Եկեղեցւոյ հաղորդութեան ի նպաստ, քանի որ առիթ կու տայ անթիւ անհամար հաւատացեալներուն մասնակցելու սրբազան արարողութիւններուն. Հուսկ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Վատիկանի Հեռուստատեսիլի կեդրոնին Եկեղեցւոյ ուսուցման տարածումին համար, եւ տուած ծառայութեան անհատի արժանաւորութեան յարգանքին, արդարութեան , երկխօսութեան ու խաղաղութեան ի սպաս։

Յայտնենք թէ` Վատիկանի Հեռուստատեսիլի Կեդրոնը հիմնուած է 1983-ին, եւ 1996-էն սկսեալ ան մաս կը կազմէ Ս. Աթոռին։ Անոր նպատակն է սփռել Աւետարանի պատգամը համայն աշխարհին եւ պատկերի միջոցաւ ներկայացնել Սրբազան Քահանայապետին ու Առաքեալական Աթոռին հովուական գործունէութիւնները։ Բացի Սրբազան Քահանայապետի պատարագներուն, շաբաթական ընդհանուր ունկնդրութիւններու եւ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին, Վատիկանի Հեռուստատեսիլի կեդրոնը կը պատրաստէ վաւերաթուղթեր. ան նաեւ աշխարհի հեռուստատեսիլներու տրամադրութեան տակ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.