2008-12-18 14:02:04

 Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

Յունաստանի Մէջ Բողոքի Երկու Ցոյցեր Այսօր՝18 Դեկտեմբեր։

Անգամ մը եւս փողոց կիջնեն Յունաստանի ուսանողները, աշակերտները եւ ուսուցիչները։ Աթէնքի կեդրոնէն ներս ծրագրուած են երկու բողոքի ցոյցեր, մինչ հաւաքներ կը կազմակերպուին Յունաստանի այլ քաղաքներուն մէջ եւս։ Իսկ վաղը Ուրբաթ օր նաեւ, հելլէն խորհրդարանի առջեւ բողոքի հաւաք կը կազմակերպէ ՝՝աշխատաւորներու սենտիքան՝՝, իր հակառակութիւնը յայտնելով՝ նոր տարուայ ՝՝պետական նախահաշիւի՝՝ քուէարկութեան գծով։ Միւս կողմէ հարիւրաւոր դպրոցներէ եւ համալսարանական կրթարաններէ ներս կը շարունակուին գրաւումները։ Տուեալներու համաձայն, 700է աւելի կրթարաններ գրաւումի տակ են։



Մոսկուայի մէջ Միջազգային Գիտաժողով՝Ցեղասպանութիւնը Կանխարգիլելու Նիւթով։

Մոսկուայի Ռուս - Հայկական համագործակցութիւն կազմակերպութիւնը, համագործակցելով Արդարամիտ Աշխարհ Հիմնարկին (որուն նախագահը Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Սերկէյ Միրոնովն է) հետ համագործակցաբար երէկ կազմակերպած է ՝՝Ցեղասպանութեան Երեւոյթը կանխարգիլման պատճառներն ու միջոցները՝՝ Միջազային Գիտաժողովը։Այս Գիտաժողովը նուիրուած է՝ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժ սահմանելու մասին միջազային ուխտի 60-ամեակին։Գիտաժողովին մասնակցած են Դաշնակցային Խորհուրդի եւ Ռուսիոյ Պետական Տումայի անդամներ, քաղաքական գործիչներ, եւ մասնագէտներ Եւրոպայէն ու ԱՊՀ-ի երկիրներէն, ռուս մասնագէտներ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ ազգային գաղթօճախներու ներկայացուցիչներ։Գիտաժողովին ընթացքին քննարկուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը՝ իբրեւ առաջին լայնածաւալ միջազային յանցագործութիւն մարդկութեան նորագոյն պատմութեան մէջ՝ կատարուած ամբողջ ժողովուրդ մը ոչնչացնելու նպատակով։

Բրիտանական Ուժերը Պիտի Հեռանան Իրաքէն 2009-ի Առաջին Կիսուն։

Բրիտանիոյ եւ Իրաքի ղեկավարները երէկ Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաունի Պաղտատ կատարած անակնկալ այցելութեան ընթացքին յայտնեցին, որ բրիտանական ուժերը Իրաքի մէջ իրենց առաքելութիւնը պիտի աւարտեն 2009-ի առաջին կիսուն։

Ասիկա Պրաունի Պաղտատ չորրորդ այցելութիւնն է եւ տեղի կունենայ իրաքեան կառավարութեան կողմէ ամերիկեան ուժերէն զատ մնացեալ բոլոր միջազգային ուժերուն մինչեւ Յուլիսի վերջաւորութիւնը երկրէն հեռանալու կոչ ուղղող օրինագիծի որդեգրումէն ետք։ Իրաքի մէջ միջազգային ուժերու ներխուժումէն ի վեր 178 բրիտանացի զինուորներ սպաննուած են։ Բրիտանիա, Իրաքի վերակառուցման համար 1.14 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն խոստացած է։



Թուրք Ժողովուրդը Կը Փորձէ Գիտնալ Իրականութիւնը (Կ՝ըսէ Ռուբէն Սաֆրաստեան)։

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Հիմնարկի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան Փանարմինիըն.նեթ լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ ՝՝հայե՛ր, ներեցէք մեզ՝՝ նախաձեռնութիւնը թրքական հանրութեան մէջ սկսած առարկայական գործընթաց է։ Ըստ Սաֆրաստեանի, թուրք ժողովուրդը շատ դանդաղ, բայց եւ այնպէս կը փորձէ իրականութիւնը գիտնալ։ Թրքական հանրութիւնը կը փորձէ ձերբազատուիլ Օսմանեան կայսրութեան ցաւալի ժառանգութենէն, ներողութիւն խնդրել եւ մաքրագործուիլ։ Ճիշդ է, գործընթացը շատ դժուարութեամբ կընթանայ, որովհետեւ նախաձեռնութիւնը բաւական թիւով հակառակորդներ ունի։ Բայց գլխաւորը այն է, որ այդ գործընթացը սկսած է, ընդծած է Ռուբէն Սաֆրաստեան։ Այն ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, Ռուբէն Սաֆրաստեան նշած է, որ անիկա նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է Թուրքիոյ համար։ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի յառաջ երթայ։ Մինչդեռ Հայաստանի համար Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ՝՝բարոյականութեան եւ խղճի հարց է՝՝ ըսած է Սաֆրաստեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.