2008-12-17 13:30:19

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։

Փարիզի Առեւտրական Մէկ Կեդրոնին Մէջ Չպայթած Ուժանակ Գտնուած։

Ֆրանսական ոստիկանութիւնը Փարիզի առեւտրական մէկ կեդրոնին մէջ չպայթած ուժանակներ յայտնաբերեց, երբ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը անծանօթ կազմակերպութենէ մը ստացաւ նամակ մը, որ կը սպառնար յարձակումներ գործել, եթէ Ֆրանսա իր ուժերը Աֆղանիստանէն չհեռացնէ ։Ոստիկանութիւնը մայրաքաղաքին ամէնէն հանրածանօթ առեւտրական շուկան Լը Փրենթան հսկայ խանութը մեկուսացուց, մինչ բազմաթիւ գնորդներու եւ զբօսաշրջիկներու բազմութիւն մը հեռացուեցան շրջանէն։ Նախագահ Սարքոզի կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ՝ արթնութիւն եւ խստութիւն ցուցաբերելու։ Սակայն նաեւ շեշտեց, որ հարկ է շատ զգուշ ըլլալ եւ պայթուցիկ նիւթերու յայտնաբերումէն ետք եզրակացութիւններ չկատարել։



Նոպէլեան Մրցանակակիր Չու Ուժանիւթի Նախարար Նշանակուեցաւ։

Շարունակելով ամբողջացնել իր կառավարական խումբը ՝ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա Դեկտեմբեր 15ին, Ուժանիւթի նախարար նշանակեց Նոպէլեան մրցանակակիր Սթիւըն Չու, որ պիտի գլխաւորէ կենսոլորտի ջերմացման դէմ պայքարող եւ ուժանիւթի նորոգուող աղբիւրներ ճարելու գաղափարին ջատագ ով խմբակ մը։



Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Կը Դատապարտէ Թուրքիան։



Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթէն կը տեղեկանանք որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը յայտնած է, թէ Թուրքիա բռնաբարած է Պոլսոյ մէջ հայկական երկու կառոյցներու կալուածատիրութեան իրաւունքը դատապարտելով Թուրքիան։

Պոլսոյ Սամաթիոյ թաղի հայկական Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ գերեզմանատան վարչական խորհուրդը եւ Ետիքիւլէ-ի հայկական հիւանդանոցի համար հիմնարկը դիմած էին Սթրազպուրկի դատարան՝ յայտնելով, որ իրենց ստացած նուիրատուութեանց կալուածագիրները գրաւող թրքական դատարաններու որոշումը կը բռնաբարէ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ուխտին համաձայն իրենց կալուածատիրութեան իրաւունքը։Դատարանը Թուրքիայէն կը պահանջէ վերադարձնել իւրաքանչիւր կառոյցին, բոլոր կալուածներու կալուածագիրները ու կալուածները, ապա թէ ոչ Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ 600 հազար Էուրօ, իսկ Ետիքիւլէի Սուրբ Փրկիչ հայկական հիմնարկին 275 հազար էուրօ վնասուց հատուցում վճարել։ Հայկական հաստատութեանց կանոնագրութիւնը կը համապատասխանէ Լոզանի Դաշնագիրի կրօնական փոքրամասնութեանց ընկերային ծառայութիւն մատուցող հիմնարկները պաշտպանող կանոններուն։Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը յայտնեց, որ Թուրքիա բռնաբարած է դաշնագիրին մէջ կալուածատիրութեան իրաւունքը պաշտպանող առաջին նախագիծի թիւ 1 յօդուածը։



Հայ Ժողովուրդէն Ներողութիւն Խնդրող Թուրք Մտաւորականներու թիւը 8230-ի բարձրացած։

Թուրք մտաւորականութեան 2877 ներկայացուցիչները երէկ Հայոց Ցեղասպանութեան համար ներողութիւն կը խնդրէին հայ ժողովուրդէն։

Այդ տուեալէն 24 ժամ ետք 5353 յաւելեալ թուրք մտաւորականներ ստորագրած են համապատասխան յայտարարութեան տակ, որ տեղադրուած է www.ozurdiliyoruz.com հասցէով կայքէջին վրայ։ Իսկ այժմՀայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրող թուրք մտաւորականներուն թիւը բարձրացած է 8230-ի։Միւս կողմէ մի քանի օրերէ ի վեր, Յունաստանի տարածքին մեծագոյն տարածում ունեցող թերթեր, կանդրադառնան թուրք մտաւորականներուն կողմէ սկսուած արշաւին, եւ գնահատանքով կը խօսին հայերէ ներողութիւն խնդրելու իրենց առած նախաձեռնութեան համար։ Անոնց կարգին են ՝՝Էլէֆթէրոթիփիա՝՝, ՝՝Քաթիմերինի՝՝, ՝՝Թօ Վիմա՝՝, ինչպէս նաեւ ՝՝Թա Նա՝՝ օրաթերթերը։ Նոյնպէս բրիտանական Ինտիփենտընթ օրաթերթը իր երէկուայ թիւով կ՝անդրադառնայ թուրք մտաւորականներու կողմէ 1915-ի աղէտալի դէպքերուն համար հայերէն ներողութիւն խնդրելու հարցին։ Յօդուածաիրը նաեւ լայն տեղ տրամադրած է հակազդեցութեան ալիքին, նշելով, որ թուրք ազգայնականները զայրոյթով հակազդած են համացանցի վրայ զետեղուելիք ներողութեան խնդրանքին՝ նոյնիսկ անոր կեանքի կոչուելէն առաջ՝ յայտնելով, որ անիկա ազգային դաւաճանութիւն է։ Ըսենք նաեւ որ Նիւ Եորք թայմզ, Պի.Պի.Սի. եւ շարք մը լրատու գործակալութիւններ եւս անդրադրձան այս արշաւին։ Իսկ Թրքական Հիւրրիյէթ թերթը Դեկտեմբեր 16ին գրած , թէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձած է թուրք մտաւորականներու կողմէ հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւին, պաշտպանած է զայն եւ յայտնած, թէ ՝՝իւրաքանչիւր քաղաքացի ազատ է իր կարծիքը արտայայտելու՝՝։ Նշենք որ հանգստեան կոչուած թուրք դեսպաններ եւ դիւանագէտներ խստօրէն դատապարտած էին այս արշաւը։



Հայ-Չինական Յարաբերութիւններու Զարգացումը։

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Չինաստան գտնուող Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ, հայ-չինական միջ-կառավարական յանձնախումբի համանախագահ Գեղամ Ղարիբջանեան, Չինաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Լի Հոփէյի հետ։ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատած են հայ-չինական յարաբերութիւններու ուժեղ զարգացումը, որուն վկայութիւնն է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին պաշտօնական այցելութիւնը Չինաստան։ Նշուած է, որ Չինաստան Հայաստանը միշտ նկատած է եւ կը նկատէ բարեկամ երկիր եւ յուսալի գործընկեր։ Քննարկուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս՝ հայ-չինական տնտեսական համագործակցութեան եւ Չինաստանի կողմէ Հայաստանին թեքնիք օգնութեան տրամադրման, Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման նախագիծին՝ Չինաստանի մասնակցութեան, հայ-չինական միջկառավարման յանձնախումբի գործունէութեան վերաբերեալ։ Ձեռք բերուած է համաձայնութիւն 2009 թուականի առաջին կիսուն Լի Հուէյի Հայաստան այցելութեան կազմակերպման վերաբերեալ, այդ այցելութեան պիտի յաջորդէ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարին պաշտօնական այցելութիւնը Չինաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.