2008-12-16 08:20:07

Հայագէտ Հայր Լուի Մարիէս


Հայ լեզուն ու մատենագրութիւնը կանուխէն հետաքրքրած են եւրոպացիները։

ԺԷ դարուն մասնաւորապէս քաղաքական նպատակներով է, որ անոնք հայերէն կը սորվէին։ 1633-ին կարտինալ Ռիշիլիէօ իր ծախսով Փարիզի մէջ հրատարակել կու տար Ֆրանչիսքօ Ռիվոլայի Բառագիրք հայոցը, որուն առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսած էր Միլանոյի մէջ 1621-ին։ Հայերէնէ լատիներէն այս բառարանին շնորհիւ կրօնաւորները հայերէն պիտի սորվէին՝ քրիստոնէութիւնը տարածելու համար Հայաստանի մէջ։ Հետագային պատմաբաններ, մանաւանդ լեզուագէտներ սկսան գիտնալ մեթոտով ուսումնասիրել գրաբարը, Ոսկեդարու դասական մատենագրութիւնն ու մեր պատմիչներու երկերը, որոնք մեծ նպաստ կը բերէին հնդեւրոպական լեզուներու քննութեան եւ բաղդատական քերականութեան, միաժամանակ լոյս սփռելով միջնադարեան պատմութեան մութ մնացած զանազան շրջաններուն վրայ։ Վիլլոթ, Վիլֆրուա, Տը Լաքրոզ, Սեն Մարթեն, Լըվայեան տը Ֆլորիվալ, Էտուար Տիւլորիէ, Օկիւսթ Քարիէր, Պրոսէ, Վիքթոր Լանկլուա, Անթուան Մէյէ, Ֆրետերիք Մաքլեր եւ բազմաթիւ ուրիշ ծանօթ մտաւորականներ կը պատկանին ֆրանսացի հայագէտներու հոյլին։ Անոնց գործը մեծ սիրով շարունակող հմուտ գիտնական մըն էր հայր Լուի Մարիես, Յիսուսեան ուխտէն, որ աչքերը յաւիտենութեան փակեց նոյեմբեր 19-ին։

Հանգուցեալ հայագէտը աշակերտած էր Ֆրետերիք Մաքլերի՝ Փարիզի Արեւելեան կենդանի լեզուներու վարժարանին մէջ։ Յետոյ հայերէնի ուսուցիչ կարգուած էր Էնսթիթիւ կաթոլիկի մէջ, ուր տասնեակ տարիներով մեր լեզուն ու մատենագրութիւնը աւանդեց ֆրանսացի եւ օտար ուսանողներու։

Յառաջացած տարիքին պատճառով հանգստեան կոչուած՝ Էնսթիթիւ կաթոլիկի հայերէնի բեմը յանձնած էր հայր Մերսիէի, որ գրեթէ տասը տարի պաշտօնավարելէ ետք, 1957-ի աշնան փոխադրուեցաւ Հռոմ՝ տեղը տալով՝ հայր Ֆրուատվոյի։

Հայր Լուի Մարիեսի անունը չորս տասնեակ տարիներէ ի վեր սերտօրէն կապուած է Եզնիկի Եղծ Աղանդոցին, որ Ոսկեդարու մեր մատենագրութեան հրաշակերտը կը նկատուի իբրեւ լեզու եւ ոճ։

Շատ կանուխէն՝ 1921-ին սկսած է հետաքրքրուիլ Եզնիկով։ Մէյէ եւ Մաքլեր քաջալերած են զինք, որպէսզի խոր ուսումնասիրութեան ենթարկէ այդ դասական երկը, որ բազմաթիւ շահեկան կողմեր կը ներկայացնէ։

1760-ին է միայն, որ երեւան ելաւ Եղծ Աղանդոցը շնորհիւ Իզմիրի մէջ գտնուած ձեռագիրի մը, որ 1776-ին առաջին անգամ լոյս տեսաւ նոյն քաղաքի Մահտեսի Մարկոսի տպարանին մէջ։ Երկրորդ տպագրութիւնը կատարեց հայր Արսէն Բագրատունի 1826-ին (Վենետիկ)։

Իզմիրի ձեռագիրը, որ 1845-ի մեծ հրդեհին կորսուած կը նկատուէր, 1902-ին Հրաչեայ Աճառեանի կողմէ գտնուեցաւ Էջմիածնի մատենադարանին մէջ։

Հայր Մարիես Եզնիկի ուսումնասիրութեան եւ թարգմանութեան համար աչքի առջեւ ունեցած է նաեւ այս ձեռագիրին լուսատիպ օրինակը։

Մամուլի տակ է Եղծ Աղանդոցի գրաբար բնագիրը՝ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ, ճոխացած ներածութեամբ եւ քննական ու բաղդատական բազմաթիւ նոթերով, արդիւնք՝ տասնեակ տարիներու պրպտումներու, որոնք գիտական մեծ արժէք կու տան իր աշխատասիրութեան։



Հատորը պիտի հրատարակուի յառաջիկայ տարի Փաթրոլոճիա Օրիէնթալիսի շարքին մէջ, ուր լոյս տեսած են արդէն ուրիշ հայերէն դասական գործեր, ինչպէս Յայսմաւուրքը՝ 12 հատորներով, հայերէն եւ ֆրանսերէն՝ Հ Պայեանի թարգմանութեամբ։

Գ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը կարեւոր նուիրատուութեամբ մը իր օժանդակութիւնը կը բերէ Եզնիկի երկլեզուեան հրատարակութեան։

Հանգուցեալ հայագէտը յաճախ ներկայ կըլլար հայկական հաւաքոյթներու։ Դասախօսութիւններ ալ տուած է։

1945-ին, երբ ձեռնարկեցինք վերակենդանացնելու Հայագիտական ընկերութիւնը, միաձայնութեամբ զինք ընտրեցինք նախագահ։ Այս ծրագիրը չյաջողեցաւ դժբախտաբար, ինչպէս դիտել տուած ենք քանիցս։

Երեք տարի առաջ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ տօնելու համար իր ութսունամեակը։ Անակնկալ հիւանդութիւնը անկողին քամեց զինք տարիներով։ Ու հայութիւնը առիթ չունեցաւ բարոյական երախտագիտութեան իր տուրքը հատուցանելու այս ազնիւ ֆրանսացիին, որ իր կեանքին մեծագոյն մասը նուիրած էր մեր մատենագրութիւնն ու պատմութիւնը ուսումնասիրելու ապերախտ աշխատանքին։

Իր մահով մեծ կորուստ մը կ՛արձանագրէ հայագիտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.