2008-12-16 08:19:47

 Լուրեր Հայ Աշխարհէն։


 



Լուրեր Հայ Աշխարհէն։

Ուիլիըմ Սարոյանի Արձանը՝Երեւանի մէջ։

ԵՐԵՒԱՆ -Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Դուրգարեան կը հաղորդէ որ Երեւանի Մաշտոցի եւ Մոսկովեան պողոտաներու խաչմէրուկին վրայ, Դեկտեմբեր 13ին տեղի պիտի ունենայ Ուիլեըմ Սարոյեանի արձանի բացման հանդիսութիւնը։Քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցիի հեղինակած արձանին համար հանգանակութիւն կատարած է Համահայկական աշխարհագրական ընկերակցութիւնը։Այս նախաձեռնութիւնը կ՝իրականանայ Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 100ամեակին նուիրուած յոբելենական միջոցառումներու ծիրէն ներս։



Եւրոպական Ուխտի Պատուիրակութիւն Մը Կայցելէ Ջաւախք։

ՋԱՒԱԽՔ - Դեկտեմբեր 10ին Ախալքալաք այցելած են Ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւրոպական ուխտի փորձագէտներ, որոնք հանդիպած են հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու հետ։ ՝՝Ազգ՝՝ թերթը կը տեղեկացնէ, թէ խումբը հետաքրքրուած է դպրոցներու, կրթութեան, բարձրագոյն կրթութեան եւ հայոց լեզուի կարգավիճակին վերաբերող հարցերով։ Շրջանին համար լուրջ խնդիր կը հանդիսանայ բարձրագոյն կրթութեան նպատակով Ջաւախքէն Հայաստան երիտասարդներու անվերադարձ մեկնումը։

Կրօնական-կրթական հարցերու կողքին, ջաւախքահայեր եւրոպացի փորձաէգտներուն զեկուցած են Ջաւախքի տնտեսական խնդիրներուն եւ գործազրկութեան մասին։Փորձագիտական խումբին այցելութեան շրջանակէն ներս, պիտի պատրաստուի տեղեկագրութիւն մը, զոր պիտի ներկայացուի Եւրոխորհուրդի նախարարական յանձնաժողովին, բացայայտելու համար, թէ ՝՝Վրաստան որքանո՛վ կը կատարէ իր ստորագրած Ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւրոպական ուխտին պահանջները՝՝։

՝՝Հայթեք՝՝ն Ու Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կը Գործակցին։

ԵՐԵՒԱՆ- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդած թէ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Դեկտեմբեր 12ին ընդունեց ՝՝Վիասֆիր՝՝ միջազգային ընկերութեան նախագահ Թոնի Մորոյեանը եւ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան հիմնադրամի ղեկավար Գարեգին Չուքասզեանը, որոնց հետ քննած է արհեստագիտութեան նուաճումները լայն կերպով օգտագործելու հնարաւորութիւնը, ինչ որ կարելի պիտի դարձնէ Սփիւռքի մասնագէտներ ընդգրկելը մէկ միասնական տեղեկատուական ցանցի մէջ։ Նախարարը հետաքրքրուած է գիտական նուաճումներու գործնական կիրառութեամբ եւ հայկական ու հայալեզու կայքերը համընդհանուր ցանցի մէջ միաւորելու հեռանկարով։



Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղին Պիտի Կառուցուի ԼՂՀ Ամավարկով։

Լեռնային Ղարաբաղի 2009ի պետական ամավարկէն շուրջ 2 միլիառ 300 միլիոն դրամի գումար մը պիտի յատկացուի ՝՝մայրուղիներու վերանորոգման եւ պահպանման՝՝։ Կառավարութեան շինարարութեան վարչութեան պետ Կարէն Շահրամանեան Դեկտեմբեր 12ին յայտարարած թէ ՝՝մէկ միլիառ դրամի նորոգութեան աշխատանքներ պիտի կատարուին Կարմիր շուկայ-Ճարտար-Խնուշինակ-Գիշ հատուածին վրայ։ 2009ին, պետական ամավարկէն 350 միլիոն դրամ ալ պիտի յատկացուի Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի զանազան հատուածներ ցուցանակներով օժտելու եւ կուպրապատման աշխատանքին, իսկ 300 միլիոն դրամ՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին նորոգութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.