2008-12-15 14:46:47

Հանդիպում Արամ Ա կաթողիկոսի եւ Սֆէյր պատրիարքին միջեւ։


Ուրբաթ, դեկտեմբեր 12 , մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ, Պքերքէ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա կաթողիկոսի եւ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին միջեւ։ Վեհափառին կ՛ընկերանային Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան։

Խօսակցութեան նիւթ դարձան վեհափառին վատիկանեան հանդիպումները, քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի առնչուած հարցերը։

Արամ Ա կաթողիկոս յայտնեց, որ թէ՛ պապին եւ թէ՛ Վատիկանի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու կարտինալին հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձած է Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի քաղաքական իրավիճակին։

Երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան, շեշտեցին ներքին միասնականութիւնը եւ երկրին ապահովութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարելու հրամայականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.