2008-12-14 18:15:42

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կիրակնօրայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի, Դեկտեմբեր 14, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Պօղոս առաքեալը մեզի կը յորդորէ ըսելով. միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ` ուրախ եղէք։ Թող ձեր հեզութիւնը յայտնի ըլլայ բոլոր մարդոց. Տէրը մօտ է։ Ի՞նչ կը նշանակէ Տէրը մօտ է, հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը, Պօղոսը Փիլիպեցիներուն ուղղած թուղթին մէջ կը մտած է, բնականաբար, Քրիստոսի շուտափոյթ վերադարձին, եւ կը հրաւիրէ զանոնք ուրախանալու։ Միաժամանակ Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կը հաստատէ թէ ոչ ոք կարող է ճանչնալ ժամանակը Քրիստոսի գալստեան։ Եկեղեցին լուսաւորուած Ս. Հոգիէն, կ`ըմբռնէ թէ Քրիստոսի գալուստը տեղւոյն ու ժամանակի հարց չէ, այլ սիրոյ հարց մըն է։ Սէրը կը մօտեցնէ։ Յառաջիկայ Ծնունդը կու գայ մեզի յիշեցնելու մեր հաւատքի այս հիմնական ճշմարտութիւնը եւ մսուրին առջեւ, պիտի կարենանք նախաճաշակել քրիստոնեական ուրախութիւնը, դիտելով նորածին Յիսուսի մէջ Աստուծոյ դիմագիծը, որ մեր սիրոյն համար մարդացաւ։

Այս լոյսով, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ինծի համար մեծ հաճոյք է օրհնել Մանուկ Յիսուսի արձանները, որ դեկտեմբեր 24-ի գիշերը տուներու մսուրի մէջ պիտի զետեղուին։ Խօսքս կ՛ուղղեմ մանուկներու, որ այս առաւօտ ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած են օրհնել տալու մանուկ Յիսուսի արձանիկները։ Ձեզ կը հրաւիրեմ որ հետս միանաք ու միասին արտասանենք այս աղօթքը. ՜՜Աստուած` մեր Հայրը, դուն այնքան սիրեցիր մարդիկը, որ ուզեցիր ղրկել քու Միածին Որդիդ`` ծնաւ Ս. Կոյս Մարիամնէն, մեզ փրկելու ու Քեզի առաջնորդելու։ Կ՛աղօթենք որ օրհնուած Յիսուսի արձանիկները ըլլան նշան Աստուծոյ ներկայութեան ու սիրոյն։ Ամենաբարի Աստուած, օրհնէ մեզ, մեր ծնողները, մեր ընտանիքները, մեր բարեկամները։ Բա՛ց մեր սրտերը, որպէսզի ուրախութեամբ ընդունինք Յիսուսը ու կատարենք անոր կամքը։ ապա նորին սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ըսաւ. Այսօր Հռոմի թեմի մէջ կը յիշատակուի եկեղեցիներու շինութեան օրը, նախօրդ տարիներուն շատերու դրամական օգնութեան միջոցաւ կարելի եղաւ շինել եկեղեցիներ ու ժողովրդապետութիւններ, ձեզմէ կը խնդրեմ որ շարունակէք տալ ձեր դրաման օգնութիւնը շինելու այլ եկեղեցիներ, հոն ուր տակաւին եկեղեցի չկայ։

Հուսկ Սրբազան Քահայանապետը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները յիշեցնելով թէ Յիսնակացը հրաւիէր մըն է խոնարհութեամբ պատրաստուելու Յիսուսի գալստեան։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ բոլոր ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.