2008-12-14 10:09:44

Ծիսական ժամանակացոյցը


Կիրակի` դեկտեմբեր 14, Ե Յիսնակաց։

Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն

Անիրաւ տնտեսի առակը - (Օր մը այսպէս) ըսաւ աշակերտներուն Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ տնտես մը ունէր եւ ամբաստանութիւններ եղան անոր մասին, թէ ան՝ կը վատնէ՛ անոր ինչքերը։ Քովը կանչեց եւ ըսաւ անոր Ի՞նչ է այս, որ կը լսեմ քու մասիդ, տնտեսութեանդ հաշիւը տուր, որովհետեւ չես կրնար տնտես ըլլալ այլեւս։ Տնտեսն իր մտքէն ըսաւ Ի՞նչ ընեմ, քանի որ իմ տէրս՝ կառնէ՛ ինծմէ իմ այս տնտեսի պաշտօնս, մշակութիւն ընել չեմ կրնար եւ մուրալ ալ կամչնամ՝ իտեմ ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի տնտեսի պաշտօնէն հեռացուելէս ետք՝ (մարդիկ ըլլան, որ) իրենց տունը առնեն զիս։ Եւ ան, մէկը միւսի ետեւէն իրեն կանչելով բոլոր անոնք, որոնք պարտք ունէին իր տիրոջ, առաջինին ըսաւ Որքա՞ն պարտք ունիս իմ տիրոջս։ Ան ըսաւ Հարիւր մար ձէթ։ Եւ ըսաւ անոր Ա՛ռ պարտամուրհակդ, նստէ՛ եւ շուտով րէ՝ յիսուն։ Նոյնպէս՝ ըսաւ երկրորդին Դո՞ւն որքան պարտք ունիս։ Ան ըսաւ Հարիւր քոռ ցորեն։ Անոր ալ ըսաւ Ա՛ռ պարտամուրհակդ եւ րէ՝ ութսուն։ (Երբ այս իմացաւ) տէրը՝ ովեց անիրաւ տնտեսը, քանի որ խելացի շարժած էր։ Որովհետեւ շատ աւելի խելացի են այս աշխարհի որդիները՝ իրենց տեսակին մէջ, քան լոյսի որդիները։

Բարեգործութիւններու համար գործածելու է երկրաւոր բարիքներ - Արդ, ե՛ս ըսեմ ձեզի Ձեզի բարեկամներ շինեցէք այդ անիրաւ մամոնայէն , որպէսզի երբ պակսելու ըլլայ այդ, յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին ձեզ։

Բարոյական սկզբունքներու չափանիշները - Ան որ հաւատարիմ է պզտիկ բաներու մէջ, մեծ բաներու մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ անիրաւ է քիչի մէջ, շատի մէջն ալ անիրաւ է։ Աւետարանական մեկնութիւն – Եթէ եղբայրդ օրը եօթը անգամ մեղանչէ քու դէնդ եւ եօթն անգամ գայ եւ ըսէ քեզի. կը զղջամշ ներէ իրեն։ Յիսուս կը շեշտէ գայթկաղութեան ծանրութեան վրայ, ներումի հարկաւորութեան եւ հաւատքի զօրութեան Քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ։

Աւագ Օրհնութեան շարականէն։

Նոր երգ մը երգեցէք Տիրոջ, եւ օրհնեցէք անոր անունը, յաղթական օրհներգութեամբ։ Ան առաջնորդեց Իսրայէլի ժողովուրդն անապատին մէջ եւ կարմիր ծովուն մէջ ընկղմեց փառաւօնը իր զօրքերով։ Զքեզ կ՛աղաչենք հանապազշ ով ս. Աստուածածին, բարեխօսէ Քրիստոսի` մեր Աստուծոյ մօտ, որ փրկէ զմեզ փորձութենէ եւ ամէն վտանգէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.