2008-12-14 10:11:28

Լուրեր հայ աշխարհէն


Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի մը մասին գծագրական վէպ մը։



10 դեկտեմբերին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Կոմիտասի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցած է ներկայացումը Տիգրան Մանկասարեանի Հոգիներու աճուրդին նախօրեակին խորագիրը կրող վէպին։

Վէպը գրուած է հիմնուելով 1918-ին Նիւ Եորքի մէջ անգլերէնով տպուած Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Օրորա Մարտիկանեանի յուշերուն, որոնք կը կրէին Յափշտակուած Հայաստան անունը։

1918-ին Մեթրօ Կոլտըն Մէյըր, բեմադրութեամբ Օսքար Ափֆկլի, պատրաստած է Հոգիներու աճուրդը անունով մունջ շարժապատկեր մը, որ իրողութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին առաջին շարժանկարն էր։

Տիգրան Մանկասարեանի գծարական վէպը հրապարակուած է այդ նկարահանման 90-ամեակին առիթով։



Հայաստանի հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է։



Հայաստանի կառավարութեան որոշումով բոլոր առեւտրական հաստատութիւնները, մեծ ըլլան անոնք թէ փոքր, սեփական ըլլան թէ բաժնետիրական, պարտաւոր են ունենալ ստացագիր տպող հաշուիչ դրամարկղային մեքենաներ։ Իւրաքանչիւր առքուվաճառքէ ետք, նումները պէտք է արձանագրուին մեքենային մէջ, ապա տպուած ստացագիրը պէտք է տրուի յաճախորդին։ Այս որոշումին նպատակը հարկահաւաքը բարելաւել է՝ կանխիկ առեւտուրը սահմանակելով։

Հիմա բոլոր խանութները, մեծ մասը վստահաբար մեծ դժկամութեամբ, տեղադրած են այս մեքենաները եւ յաճախորդներուն բոլորը նումները գրանցելէ ետք կը տրամադրեն ստացագիրները։ Հարկային վարչութեան տեսուչները, յաճախ ծպտուած որպէս յաճախորդներ, մուտք կը գործեն առեւտրային հաստատութիւններ, ճաշարաններ կամ տարբեր սպասարկման հաստատութիւններ եւ անմիջապէս տուգանք կը գրեն բոլոր անոնց, որոնք չեն յարեր տպիչ մեքենաներով առեւտուր կատարելու օրէնքը։

Այս օրէնքը ոչ միայն կը ծառայէ հարկահաւաքին, այլեւ՝ մշակութային եւ արժէքներու պահպանման, եւ առաջին հերթին՝` հայ լեզուի մասին որոշումներու գործադրութեան








All the contents on this site are copyrighted ©.