2008-12-13 12:22:48

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։

Ինքնաշարժներու Ընկերութեանց Նպաստելու Ծրագիրը Ձախողեցաւ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետականներուն մեծամասնութիւնը Դեկտեմբեր 11ին ՝՝ԴԷՄ ՝՝ քուէարկեց ամերիկեան ինքնաշարժի ընկերութեանց օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով Ներկայացուցիչներու Տան եւ Սպիտակ Տան միջեւ գոյացած 14 միլիառ տոլարի համաձայնութեան , որ կրցաւ ապահովել միայն 53 ծերակուտականներու աջակցութիւնը, նուազագոյն 60ին փոխարէն։12 Դեկտեմբերին, Սպիտակ Տունը իր կողմէ հաղորդեց, թէ կրնայ դրամական հաստատութեանց օժանդակելու նպատակով վաւերացուած 700 միլիառ տոլարէն մաս մը տրամադրել սնանկացման սեմին գտնուող ինքնաշարժի երկու հսկայ ընկերութեանց, մինչեւ Քոնկրէսը կարենայ համաձայնութիւն մը գոյացնել։ Քոնկրէսը կառավարութեան իրաւունք տուած է գործածելու վերոյիշեալ գումարին 350 միլիառ տոլարը, որուն գրեթէ 335 միլիառ տոլարը արդէն իսկ յանձնուած է դրամատուներու եւ ապահովագրական ընկերութիւններու։Իսկ , առջի օր Bank of Americaն եւս յայտարարեց, թէ յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին գործէ պիտի արձակէ 30,000էն 35,000 պաշտօնեաներ՝ որոշումը վերագ րելով յատկապէս տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամին ու Մէրի լ Լինչ-ը գնելու որոշումին։Միւս կողմէ, Եւրոպական միութեան անդամ 27 երկիրներու ղեկավարներ, Ուրբաթ օրը 12 Դեկտեմբերին վաւերացուցին 267 միլիառ տոլարի ծրագիր մը՝ փորձելով աշխուժացնել այդ երկիրներուն տնտեսութիւնները։

Եահկ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Երեւան Պիտի Երթայ։

14-էն 17 դեկտեմբեր ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Փերեն տը Պրիշամպոյի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը Երեւան պիտի այցելէ։Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուին ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հանդիպումները Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեանի եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։

Իրլանտա Յառաջիկա Տարի Լիզպոնի Ուխտի Կապակցութեամբ Դարձեալ Պիտի Դիմէ Հանրաքուէի։

Ըստ հրապարակուած բանաձեւի մը, Իրլանտա փոխան երաշխիքներու պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ հոկտեմբեր 2009-ը Եւրոպական Միութեան բարեփոխման ուխտին շուրջ նոր հանրաքուէ մը կատարելու։Որոշումը Եւրոպական Միութեան Գերաստիճանին ընթացքին որդեգրուելու պարագային ճամբան պիտի հարթէ յառաջիկայ տարուան վերջաւորութեան Լիզպոնի ուխտը կիրարկելու։Դեսպաններու կողմէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան համար պատրաստուած բանաձեւը կը նշէ, որ իրլանտական կառավարութիւնը յանձնառու է ներկայ խորհուրդի պաշտօնավարութեան վերջաւորութեան Լիզպոնի ուխտին վաւերացման ձգտելու։Եւրոպական Միութեան ործադիր մարմինին նստաշրջանը կաւարտի հոկտեմբեր 2009-ին։ Իրլանտա, որուն քուէարկողները յունիսին մերժեցին ուխտը, ըստ իր սահմանադրութեան, ստիպուած է ուխտը հանրաքուէի ճամբով վաւերացնելու։ Եւրոպական Միութեան մնացեալ 26 անդամները այդ մէկը կատարած են կամ կը կատարեն իրենց խորհրդարաններուն ճամբով։










All the contents on this site are copyrighted ©.