2008-12-11 13:54:01

Պոլսոյ Մեսրոպ պատրիարքը արժանացաւ ՜՜Ս. Նիկողայոսի արծաթէ վարդ՜՜ մրցանակին, Քրիստոնեաներու միութեան ի խնդիր տարած աշխատանքին համար։


՜՜Ս. Նիկողայոսի արծաթէ վարդ՜՜ մրցանակը հաստատուած է ֆրիպուրկի եւ Ռադիսպոնի համալսարաններէն, եւ այս տարի այս մրցանակը պարգեւատրուեցաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարք՝ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին։ Մեսրոպ պատրիարքը մեծ հմտութեամբ աշխատած է հաւատքի ու բանականութեան միութեան նիւթի վրայ, նոյնպէս աստուածաբանութեան ու Աւետարանի քարոզութեան ի խնդիր։ Իր առօրեայ բոլոր գործունէութիւններու մէջ, Մեսրոպ պատրիարքի մտահոգութիւններէն առաջինը եղած է քրիստոնեաներու միութիւնը, հակառակ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյացող ընդհարումներուն։ Յայտնենք թէ անցեալ տարիներուն վերոյիշեալ մրցանակին արժանացած էին Սմոլենսք թեմի առաջնորդը մետրապոլիտ Կիւրեղ, 2006-ին։ Ռումանիոյ Վարատեգ աբբայարանի մեծաւորուհի՝ մայր Ժոզէֆինա, 2007-ին։ Քրիստոնեաներու միութեան քարհանայապետական խորհուրդի ենթաքրտուղարը գերապայծառ ֆորթինօ, 2008-ին։ ՜՜Ս. Նիկողայոսի արծաթէ վարդ՜՜ մրցանակը կը վարձատրէ բոլոր անոնք որոնք Ս. Նիկողայոսի նման տեսանելի կը դարձնեն Աստուծոյ սէրը հանդէպ մարդոց։

Յառաջիկայ Յունուար 12-ին, Պոլսոյ Ս. Աստուածածնայ Նուիրուած՝ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, պիտի կատարուի մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.