2008-12-11 14:04:45

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ՝ԹԻֆԼԻՍ։

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը միօրեայ աշխատանքային այցով գտնուեցաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս՝ մասնակցելու Հայ-Վրացական տնտեսական համագործակցութեան միջ-կառավարական յանձնաժողովի եօթներորդ նիստին։Քննարկուեցաւ Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ընթացքը եւս։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ հայկական Նորաշէն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խնդրին։ Ընդգծուեցաւ, որ հայ եւ վրացի եկեղեցիները կը միաւորեն բազմադարեայ բարեկամական յարաբերութիւնները։Այս այցելութեան ծիրէն ներս

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի հետ, այցելեց Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատունը, հայկական Նորաշէն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին,ապա Թիֆլիսի մէջ հայ ականաւոր գրողներու եւ հանրային գործիչներու պանթեոնը։

ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ։

Ընդառաջելով Պուլկարիոյ նախագահ Կէորկի Պրուանովի հրաւէրին՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, բազմամարդ պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով՝ գացած է Սոֆիա։ Այցելութեան առաջին օրը, արարողակարգային հանդիսութիւններէն ետք, տեղի ունեցած են բարձրագոյն մակարդակի հանդիպումներ, որոնց ընթացքին երկու կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են ներկայ տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակի գծով, եւ նշած են այդ յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակով յառաջ տանելու անհրաժեշտութիւնը։Պուլկարիոյ նախագահը բարձր գնահատած ու ողջունած է հայ-թրքական երկխօսութիւնը, ու յոյս յայտնած է, որ հայ-թրքական սահմանի բացումը օգտակար ըլլայ նաեւ պուլկարական կողմին համար եւ թէ սահմանի բացման պարագային հաղորդակցութեան ուղղակի կապի կարելիութիւն կը ստեղծուի Հայաստանի ու Պուլկարիոյ միջեւ։

ՄԵԾԱՔԱՆԱԿԻ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌՔՆԵՐԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻՆ։

Ըստ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան մեծաքանակ ապրանք ծախող առեւտրականները 2001էն ի վեր նուազագոյն պահեստները ունին տնտեսական անորոշութեան հետեւանքով, մինչ վերջնական տուեալներու համաձայն, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին մեծաքանակ վաճառքներու համեմատութիւնը 41 առ հարիւրի հսկայ անկում մը արձանագրած է։ Անկումը իր տեսակին մէջ մեծագոյնն է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ։

Միւս կողմէ սակայն բաժնետոմսերու ամերիկեան շուկաները ընդհանրապէս շահեր արձանագրեցին, յոյս կապելով՝ ինքնաշարժներու ընկերութեան պետական հսկայական վարկեր տրամադրելու համաձայնութեան վրայ։

ՎԵՐՋԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ։

Դեկտեմբեր 10ին, յաջորդական հինգերորդ օրն ըլլալով, ոստիկանութեան կողմէ պատանիի մը սպանութեան կապակցութեամբ խռովութիւններ տեղի ունեցան Յունաստանի տարածքին, սակայն զգալիօրէն նուազ մակարդակով, որովհետեւ օրուան գլխաւոր հարցը դարձած էր բանուորական միութեանց յայտարարած ընդհանուր գործադուլը, որ անդամալուծեց երկիրը՝ փակ պահելով գործատեղիները, դպրոցներն ու նոյնիսկ հիւանդանոցները։ Դեկտեմբեր 10ին , Աթէնքի դատախազութեան առջեւ ներկայացան, անցեալ Շաբաթ օր Էքսարխիայի մէջ 15ամեայ Ալեքսանտրոս Ղրիղորոփուլոսին դէմ կրակած երկու ոստիկանները, որոնք իրենց վկայութիւնները տուին։ Անկէ ետք, երկու ոստիկանները, անոնցմէ մին մարդասպանութեան ամբաստանութիւն կը դիմագրաւէ, իսկ երկրորդը՝ մարդասպանութեան համագործակցութեան ամբաստանութիւն՝ բանտ ուղղուեցան։

ԻԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ ՝՝ԿՐԷՄԻ՝՝ ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ։

Վերջերս հրապարակ իջած Կոմիտասեան երգերու Gomidas Songs ալպոմին մէջ իր կատարումին համար, քանատահայ հռչակաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան դասական երաշժտութեան ձայնային կատարումներու մարզին մէջ թեկնածու մըն է երաժշտական ՝՝Կրէմի՝՝ ծանօթ մրցանակին։ ՝՝Նանսա՝՝չ պիտակին տակ հրապարակուած խտասալիկը արձանագրուած է Երեւանի մէջ՝ մասնակցութեամբ խմբավար Էտուարտ Թոփճեանի առաջնորդած Հայկական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի սենեկային բաժինի նուագողներուն, իսկ անոր 20 երգերը վերամշակուած են Իզապէլի ամուսնոյն՝ դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեանի կողմէ, որ նաեւ կը նուագէ խտասալիկին մէջ։ Գործը արժանացած է երաժշտական շարք մը քննադատներու գովասանքին։Կրէմիի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, յառաջիկայ Փետրուար 8ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.