2008-12-10 13:43:41

Լուրեր հայ աշխարհէն

Լիբանան- Կիւլպէնկեան հաստատութեան պատասխանատու՝ Տոքթ Զաւէն Եկաւեան այցելութիւնը Զմմառու Վանք։


Շաբաթ 6 Դեկտեմբեր 2008-ին, առաւօտեան ժամը 11։00ին, Զմմառու Մայրավանք այցելեց Կիւլպէնկեան հաստատութեան պատասխանատուն՝ տոքթ Զաւէն Եկաւեան, ընկերակցութեամբ Ժիրայր Դանիէլեանի։ Պատուարժան հիւրերը Զմմառու վանքի վարչութեան հետ միասնաբար այցելեցին վանքի թանգարանը, մատենադարանը, ձեռագրատունը, արխիւներու սենեակը եւ գինեմառանը։ Հիւրերը բարձր գնահատեցին վարչութեան տարած աշխատանքը, պահելով, մաքրելով եւ արդիականացնելով Հայ Ազգի եւ Հայ Եկեղեցւոյ գանձերն ու հարստութիւնները։ Կէսօրին, այցելու հիւրերը վանաբնակ հայրերուն հետ միասին ճաշեցին, եղբայրական մտերմիկ մթնոլորտի ներքեւ։ Տոքթ Եկաւեան խօսք առնելով ըսաւ թէ ինք հարազատ կը զգայ Զմմառու վանքին մէջ, որ ամբողջ Հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնն է։ Ան շեշտեց թէ կ՛ուզէ կառուցել հաստատ կամուրջ մը Կիւլպէնկեան հաստատութեան եւ Զմմառու վանքին միջեւ որ միաժամանակ հիմնաուած ըլլայ անկեղծութեան եւ վստահութեան վրայ։ Զմմառու մեծաւորը գերյարգելի Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Եկաւեանին Զմմառու վանք իր այցելութեան համար եւ իր ունեցած անկեղծ վստահութեան՝ վանքի վարչութեան հանդէպ, մաղթելով անոր քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն ապագայ ծրագիրներու մէջ։ Հ. Մուրատեան Տոքթ Եկաւեանին նուիրեց վանքի գինիներէն, եւ Ս. Գրգիգոր Լուսաւորչի յուշամետալը։



Սուրիա - Հայաստանի մշակութային շաբաթը Սուրիոյ մէջ ու Դամասկոսի Քնար Երգչախումբի Ելոյթը։

Դամասկոսը 2008 թուականի արաբական մշակոյթի մայրաքաղաք հռչակման առիթով՝ բազմաթիւ միջոցառումներու ու փառատօններու ծիրէն ներս, 26 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի մշակութային շաբաթը Սուրիոյ մէջ,

կազմակերպութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան ու Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան։ Այս առթիւ Դամասկոս այցելեցին հայրենի բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ արուեստագէտներու մեծաթիւ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ մշակոյթի նախարար Տիկին Յասմիկ Պօղոսեանին ։ Պաշտօնական պատուիրակութիւնը ունեցաւ հանդիպումներ Սուրիոյ կառավարութեան կարեւոր պաշտօնակատարներու հետ, մանաւանդ փոխ-նախագահ Տիկին Նաժահ Աթթարի ու մշակոյթի նախարար Տոքթ Րիատ Նաասան Աղայի հետ, քննարկելով ապագայի մշակութային գործակցութեան հեռանկարները՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։ Չորեքշաբթի 26 Նոյեմբերին Դամասկոսի ազգային թանգարանի մէջ, մշակոյթի 2 նախարարները միասնաբար բացումը կատարեցին հայրենի կերպարուեստի բացառիկ գործերու, Մատենադարանէն յատուկ բերուած ձեռագիրներու ու Հայաստանի ազգային թանգարանի մէջ պահուող արաբական արժէքաւոր դրամանիշներու ցուցահանդէսին։ Երեկոյեան, ՙ ՙՏար էլ Ասատ՚ ՚ ազգային օփերայի թատերական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Հայաստանի մշակութային շաբթուան։ Ներկայ էին Սուրիոյ ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարները, հայրենի պատուիրակութեան անդամներ ու Սուրիոյ կառավարութեան պաշտօնակատարներ, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տոքթ Արշակ Փոլատեանը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի Յովսէփ եպս Առնաւութեան, Հայր Մովսէս վրդ Տօնանեան, հոգեւորական հայրեր,հրաւիրեալ դիւանագէտներ եւ հոծ բազմութիւն մը՝ տեղացի արուեստասէրներու ու դամասկոսահայ գաղութի զաւակներու։ Սուրիոյ ու Հայաստանի ազգային քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք խօսք առին Սուրիոյ մշակոյթի նախարարը եւ ապա Հայաստանի մշակոյթի նախարարը, որոնք մեծ գնահատանքով խօսեցան Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ամուր կապերու մասին , շեշտը դնելով մշակութային ապագայ գործակցութեան վրայ։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան Քնար երգչախումբը խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի։ Երգչախումբի երգեցողութիւնը արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին։ Քնար երգչախումբի մասնակցութիւնը այս կարեւոր միջոցառումին՝ եղաւ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տոքթ Արշակ Փոլատեանի հրաւէրով ։ Երգչախումբը ներկայացուց Հենրիկ Անասեանի մշակումով Նայիրեան դալար բարտին, Ռոպերթ Պետրոսեանի ՙ ՙՖանդազիա՚ ՚ Սայաթ Նովայի երգերու հիման վրայ գործը եւ վերջապէս Էտկար Յովհաննիսեանի Մայր Հայաստան խմբերգը։ Ներկաներու գեղարուեստական վայելքը ամբողջացաւ Հայաստանի հանրապետութեան պարի պետական խումբի ելոյթով։ Հայրենի արուեստագէտները գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Էրիք Չանչուրեանի՝ ելոյթ ունեցան հայկական պարերով, ընկերակցութեամբ ազգային նուագարաններու, արժանանալով հանդիսատէսներու խանդավառ ծափերուն։

Հայկական մշակոյթի շաբթուայ գործունէութիւններու մասին Սուրիոյ տեղական մամուլը ու հեռատեսիլի կայանները լայնօրէն արձագանգեցին, դրուատելով բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցող խումբերը , տեղեկութիւններ տրամադրելով մշակոյթի շաբթուայ ծրագրի մասին։

Այս առթիւ Սուրիոյ փոխ նախագահ՝ Տոքթ Նաժահ Աթթար հետեւեալ հաստատումը կատարած է ՙ ՙ Հայ ժողովուրդը , ըսած է ան, մեզի համար հասարակ ժողովուրդ մը չէ, այլ մեր ժողովուրդին մաս կը կազմէ՚ ՚։








All the contents on this site are copyrighted ©.