2008-12-10 14:19:36

 Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

ԻԼԼԻՆՈՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԸ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ՝ՕՊԱՄԱՅԻ ՅԱՋՈՐԴԸ ՆՇԱՆԱԿԵԼԷՆ ՕԳՏՈՒԻԼ ՓՈՐՁԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ։

Ամերիկայի Հետաքննութեանց դաշնակցային գրասենեակը՝ Էֆ.Պի.Այը, Դեկտեմբեր 9ին ձերբակալեց Իլլինոյի նահանգապետ Ռատ Պլակոյեւիչը ու անոր անձնակազմի պետը։ 51ամեայ դեմոկրատ նահանգապետը ամբաստանուած է նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի փոխարէն Ծերակոյտի անդամ նշանակելու խորհրդակցութեանց ընթացքին հաւանական թեկնածուներէ խոստումներ ապահովելու յանցանքով, ան անձնապէս , եւ կամ իր կնոջ խոստացուելիք աշխատանքի կարելիութեան մը միջոցաւ, նիւթական շահ կուզէր երաշխաւորել։ Ան նաեւ կամբաստանուի ՝՝Թրիպիուն՝՝ համացանցային-թերթին սպառնալու յանցանքով, որովհետեւ ընկերութիւնը չէր պաշտօնազրկած նահանգապետը քննադատած լրագրողները։

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐԿԵՐ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏԱԼՈՒՏ։ Ներկայիս կը խօսուի միայն երկու ընկերութեանց՝ ՃիԷմին եւ Քրայզլըրին, յաջորդաբար 8 եւ 7 միլիառ տոլար տրամադրելու մասին, զանոնք առնուազն մինչեւ յառաջիկայ տարուայ գարունը ոտքի պահելու նպատակով։ Տրամադրուած գումարին փոխարէն ընկերութիւնները պէտք է յատկանշական քայլերու դիմեն ու ծախսերը կրճատեն։ Կարգ մը քոնկրէսականներ նոյնիսկ կը պահանջեն ընկերութեանց պետերուն հրաժարումը։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԻՒԼ ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ՊԻՏԻ ԽՆԴՐԷ ԿԱՆԽԵԼ ՕՊԱՄԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ։Իսրայէլեան ՝՝Հաարեց՝՝ թերթը կը գրէ որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կը ծրագրէ այցելելԻսրայէլը 2009ի Յունուարի սկիզբը, եւ հանդիպիլ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզին ՝քննարկելու եւ թարմացնելու համար Թուրքիոյ միջնորդութիւնը Իսրայէլի եւ Սուրիոյ հակամարտող կառավարութիւններուն միջեւ։Դեկտեմբեր 9ի թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ թերթի հաղորդումով, այցելութեան ընթացքին կակնկալուի նաեւ, որ Ապտուլլահ Կիւլ Թել Ավիվէն խնդրէ օգտագործել Ուաշինկթընի վրայ ունեցած իր ազդեցութիւնը, որպէսզի թոյլ չտայ Պարաք Օպամային պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

ԵՐԵՔ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ԿԸ ՅՂԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ։

Մշակոյթի եւ Արուեստի շուրջ 300 հանրայայտ հայ գործիչներ, ակադեմիկոսներ, դոկտորներ, հասարակական, լրատուական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, բաց նամակով դիմած են Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին, կոչ ուղղելով անոր ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը։Այս յայտարարութիւնը ստորագրողներու շարքին են գրող-հրապարակախօս Պերճ Զէյթունցեան, Ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեան, Ժողովրդական արուեստագէտ, երգահան Էդուարդ Միրզոյեան, ժողովրդական արուեստագէտ Վլադիմիր Աբաջեան, գրող-հրապարակախօս Ռուբէն Յովսէփեան, վաստակաւոր նկարիչ Արա Շիրազ, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Վիգէն Ստեփանեան, Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարանի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) արեւելագիտութեան հիմնարկութեան Իրանի բաժնի վարիչ, պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Վահան Բայբուրդեան, ԳԱԱ թղթակից-անդամ, պատմութեան բաժնի վարիչ, պատմագիտութեան դոկտոր Սիմոն Կրկեաշարեան, արուեստաբան Պօղոս Հայթայեան, արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Պետական Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար, գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թոփչեան, Երեւանի պետական գեղարուեստական ակադեմիոյ տնօրէն, փրոֆեսէօր Արամ Իսաբեկեան, Երեւանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի տնօրէն, փրոֆեսէօր Ոստանիկ Մարուխեան, ու նաեւ հեղինակաւոր թերթերու խմբագիրներ եւ այլք։








All the contents on this site are copyrighted ©.