2008-12-09 10:58:16

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին աղօթքը Հռոմ քաղաքի բնակիչներուն համար։


Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. քահայանապետը, երկուշաբթի 8 Դեկտեմբեր 2008-ի յետմիջօրէին Հռոմի կեդրոնը գտնուող՝ Սպանիա կոչուած հրապարակը այցելեց ուր կը բարձրանայ Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան արձանը, պահ մը պատուելու ու մեծարելու Երկնաւոր Մայրը։ Մայրաքաղաքի քաղաքացիական ու եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայութեամբ Նորին Սրբութիւնը աղօթեց ,որպէսզի ամէն քաղաքացի իր աչքին առջեւ ունենայ հաւաքականութեան բարիքը ու փառատին ընկերային անհաւասարութիւնները։ Նոյնպէս Սրբզ, Պապը Ս. Կոյս Մարիամին յանձնեց Հռոմի Եկեղեցւոյ ու անոր բնակիչներու ուրախութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Ապա Սրբազան հայրը հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրենց հայեացքը ուղղեն Տիրամօր, նման այն մանուկին որ աչքերը կ՛ուղղէ իր մօր, դիտելու համար Աստուծոյ ժպիտը ու վերագտնելու յոյսը ի գին բազմաթիւ դժուարութիւններուն ու աշխարհի ողբերգութեան։ Նոյնպէս Սրբզան Քահանայապետը Աստուածամօր հովանաւորութեան յանձնեց տարեց առանձին ապրողները, հիւանդները, գաղթականները, գործազուրկերը, ու տագնապի մէջ ապրող ընտանիքները։

Տիրամայր, բացագանչեց Սրբազան Հայրը, սորվեցուր մեզի կերտելու ընկերութիւն մը աւելի արդար եւ աւելի զօրավիգ։ Հրապարակ ժամանումէն անմիջապէս ետք Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը ողջունեց այնտեղ հաւաքուած իտալացի եւ օտար հազարաւոր հաւատացեալները եւ ապա օրհնեց ճերմակ վարդերով կողովը եւ զետեղեց Տիրամօր արձանին ոտքը եւ ապա ծնկաչոք պահ մը լռութեամբ աղօթեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.