2008-12-08 13:17:01

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Ս. Աթոռի պատուիրակութիւն մը կը մասնակցի ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Ալեքսիոս Բ-ի թաղման կարգին ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5ին իր մահկանացուն կնքեց ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Ալեքսիոս Բ-ը, որ 79 տարեկան էր։ Ան ռուսական եկեղեցւոյ ղեկը ստանձնեց 1990ին, ճիշդ այն օրերուն, երբ Խորհրդային Միութիւնը կը մեղմացնէր կրօնքի ազատութեան նկատմամբ իր խիստ սահմանափակումները։ Ալեքսի Բի շնորհիւ եկեղեցին զարթօնք մը ապրեցաւ։ Պատրիարքի թաղման կարգը պիտի կատարուի վաղը Երեքշաբթի օր։ Ս. Աթոռի պատուիրակութիւն մը թաղման կարգին պիտի մասնակցի վատիկանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն. կարտինալ Walter Kasper` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, կարտինալ Roger Etchegaray, վաստակաւոր նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն եւ բարեսիրական մէկ սիրտ կոչուած քահանայապետական խորհրդներու, գերապայծառ ` Antonio Mennini, Ս։ Աթոռի ներկայացուցիչը ռուսական դաշնակցութեան, յիսուսեան հայր Milan Žust, քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդէն եւ գերապայծառ Ante Joziƒ քարտուղարը Մոսկուայ առաքելական դեսպանատան։

Նոյնպէս Կ.Պոլսոյ սուրբ սինոդի որոշումով ներկայ պիտի գտնուի Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը բարդողոմիոս Ա պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.