2008-12-08 13:16:39

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն աղօթքը Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ.


Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 8, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.



Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան խորհուրդը, որ այսօր կը տօնախմբենք, մեզի կը յիշեցնէ մեր հաւատքին երկու հիմնական ճշմարտութիւնները` սկզբնական մեղքը ու անոր վրայ յաթանակը Քրիստոսի շնորհքին միջոցաւ ։ Այդ յաղթութիւնը սքանչելիօրէն կը ցոլացուի Ամենասուրբ Կոյս Մարիմաի մէջ։

Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեամբ կը դիտենք Գեղեցկութեան ցոլացումը որ կը փրկէ աշխարհը։ Աստուծոյ Գեղեցկութիւնը որ կը ցոլանայ Քրիստոսի դէմքին մէջ։ Այս Գեղեցկութիւնը Մարիամի մէջ ամբողջութեամբ անխառն եւ խոնարհ, հպարտութենէն ու ինքնահաւանութենէն զերծ է։

Ս. Կոյս Մարիամը այսպէս յայտնուեցաւ սրբուհի Պերնատեթին 150 տարի առաջ Լուրտի մէջ, եւ այսպէս մեծարուած է աշխարհի անհամար սրբավայրերու մէջ։

Ապա նորին սրբութիւնը ներկաներուն ըսաւ թէ այսօր յետմիջօրէին, աւանդութեան համաձայն, ես եւս անձամբ պիտի մեծարեմ Սպանիայի հրապարակը բարձրացած Տիրամօր արձանը։ Վստահութեամբ մեր աղօթքը բարձրացնենք Անոր, կրկնելով Գաբրիէլ հրեշտակապետին ողջոյնը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.