2008-12-08 13:18:20

Լուրեր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութենէն։


Ամենապտիւ Հոգեւոր Տէրը Նամակ մը կը Ստանայ Արամ Ա Կաթողիկոսէն

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը եղբայրական նամակ մը ստացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսէն, որ վերջերս Հռոմի ք. Լեւոնեան վարժարան այցելութիւն տուած էր։ Ստորեւ նամակը կու տանք նոյնութեամբ

Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,

Վատիկան կատարած Մեր պաշտօնական այցելութենէն վերդարձին, սրտի քաղցր պարտք կը զանք Ձերդ Ամենապատուութեան յղել եղբայրական Մեր այս իրը։ Արդարեւ, հոգեկան գոհունակութիւն եղաւ Մեզի համար Հռոմի մէջ վայելել եղբայրական սէրը, որ արտայայտութիւն բտաւ Ձեր եկեղեցւոյ Գերապայծառութեան կողմէ մեզի հանդէպ ցուցաբերած խոր յարբանքով ու ջերմ ընդունելութեամբ։ Արդարեւ, Մեզի եւ Մեզի ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն մտքերուն մէջ յիշատակելի պահեր պիտի մնան եկեղեցւոյ մէջ կատարուած սրբազան արարողութիւնը, Լեւոնեան Վարժարան տրուած այցելութիւնն ու Մեզի ի պատիւ սարքուած ճաշը, որու ընթացքին ստեղծուած ջերմ մթնոլորտն ու փոխանակուած խօսքերը խոր տպաւորութիւն թողուցին Մեր վրայ։ Կ՛աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ Ձերդ Ամենապատուութեան շնորհէ քաջառողջութիւն եւ երկար քահակալութիւն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.