2008-12-07 16:31:59

Ծիսական ժամանակացոյցը


Կիրակի` Դեկտեմբեր 7, Դ Կիրակի Յիսնակաց։

Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն

Աղքատասիրութեան յորդոր - Յիսուս կոչնատէրին ըսաւ Երբ ճաշ տալու ըլլաս, կամ ընթրիք, մի՛ կանչեր՝ ո՛չ քու բարեկամներդ, ո՛չ եղբայրներդ, ո՛չ ազգականներդ, ո՛չ դրացիներդ եւ ո՛չ ալ հարուստ մարդիկ, (այն սպասումով), որ (քու հրաւէրիդ) փոխարէն՝ անոնք ալ քեզ կանչեն եւ (այդ ձեւով) հատուցում կատարուի քեզի։ Այլ երբ ընդունելութիւն սարքես, կանչէ՝ աղքատները, հաշմանդամները, կաղերը եւ կոյրերը,

եւ երանութեան արժանի պիտի ըլլաս, քանի որ անոնք (բա՛ն) չունին, որ փոխարէնը կարենան հատուցանել քեզի եւ (անոր) փոխարէնը՝ արդարներու յարութեան օրը պիտի հատուցուի քեզի։

Հրաւիլեաներու առակը - Երբ ա՛յս լսեց սեղանակիցներէն մին, անոր ըսաւ, Երանի՜ անոր, որ ճաշ պիտի ուտէ Աստուծոյ արքայութեան մէջ։ Եւ ան ըսաւ Մարդ մը ընթրիք սարքեց եւ բազմութիւն մը հրաւիրեց։ Իր ծառան ղրկեց, որ հրաւիրուածները կանչէ՝ ընթրիքի ժամուն (համար եւ անոնց ըսէ) Եկէ՛ք, որովհետեւ ահա, պատրաստ է ամէն ինչ։

Բայց մէկը միւսի ետեւէն, բոլորն ալ հրաժարիլ սկսան։ Առաջինը ըսաւ Ագարակ գնեցի, պէտք է երթամ, տեսնեմ այդ, շա՜տ կը խնդրեմ, հրաժարած համարէ զիս։ Երկրորդն ըսաւ Հին լուծ եզ գնեցի, պէտք է երթամ եւ փորձեմ անոնք, շա՜տ կը խնդրեմ, հրաժարած համարէ զիս։ Միւսն ալ ըսաւ Կին առած եմ եւ այդ պատճառով չեմ կրնար գալ։ (Երբ) ծառան վերադառնալով՝ իր տիրոջ պատմեց այս (բոլորը), տանտէրը բարկացած՝ իր ծառային ըսաւ Հրապարակները ել անմիջապէս, ու քաղաքի փողոցները եւ հոս, ներս բեր աղքատները, հաշմանդամները, կաղերը եւ կոյրերը։ (Քիչ ետք) ծառան (եկաւ) եւ ըսաւ Տէր, կատարուեցաւ ինչ որ հրամայեցիր եւ դե՛ռ ալ տեղ կայ տակաւին։ Տէրը ծառային ըսաւ Ճամբաները ել եւ ցանկապատներ(ու քովեր)ը եւ հոս ներս մտցուր (բոլոր գտածներդ), որ լեցուի՛ իմ այս տունս։ Ըսեմ ձեզի, որ (այդ առաջին) հրաւիրեալներէն՝ մէկն ալ պիտի չճաշակէ իմ ընթրիքէս։

Աւագ օրհնութեան Շարականէն

Իմ պաշտպանս եղիր, Տէր, դուն որ խաչովդ դժոխքը կործանեցիր, երեք օր ետք, յարութիւն առիր եւ Անդամը ոտքի կանգնեցիր։ խաչովդ օգնէ մեզ եւ վտանգէ փրկէ։ Տիւ եւ գիշեր կ՛օրհնենք զքեզ, Քրիստոս Աստուած, մեզի համար խոնարհեցար ամէն բան յանձն առիր եւ խաչի չարչարանքներուն համբերեցիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.