2008-12-06 12:15:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Շաբաթ դեկտեմբեր 6 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեցաւ

կարտինալ Giovanni Battista Re, կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,

Կարտինալ Walter Kasper, նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին,

Գերապայծառ Angelo Amato, կառավարիչը սուրբերու դատի ժողովին։

Ոչ եւս է Ռուսիոյ պատրիարք Ալեքսիս Բ, ան վախճանեցաւ 79* տարեկանին եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խօսքով եղաւ անխոնջ սպասաւոր մարդկային ու աւետարանական արժէքներու։ երկար հիւանդութենէ ետք համայն Ռուսիոյ պատրիարք Ալեքսիս Բ ուրբաթ առաւօտ իր հոգին աւանդեց։ Ան օրթոտոքս աշխարհին ամենէն կարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկն էր։ ի լուր անոր մահուան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ցաւակցական հեռքագիր մը յղեց Մուսկուայ պատրիարքութեան ու ռուս ժողովուրդին յայտնելով իր ցաւակցութիւնը ու աղօթքը այս մեծ կորուստին համար։ Ցաւակցական հեռագիրին մէջ կը կարդանք Ալեքսիս Բ պատրիարքը եղաւ անխոնջ սպասաւորը մարդկային ու աւետարանական արժէքներու։ Նորին Սրբութիւնը կ՛աղօթէ որ անոր յանձնառումը արդիւնաբեր ըլլայ մարդկային, ընկերային ու հոգեւոր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ծառայէ խաղաղութեան հաստատումին աշխարհի վրայ։ Յայտնենք` Աւազանի անունով Ալեքսի Միխայլովիչ Ռիտիկըր, Ալեքսի Բ ծնած է Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ, 23 փետրուար 1929-ին։ Ալեքսի Բ պատրիարք յաճախ կ՛ընկերակցէր իր քահանայ հօր՝ դէպի վանքեր եւ եկեղեցիներ կատարուած ուխտանացութեանց ընթացքին, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէր իր հօր՝ Էսթոնիոյ նացիական արգելափակման ճամբարներուն մէջ պահուած բանտարկեալներու կատարուած այցելութեանց ընթացքին։ Այդ այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին է, որ ան որոշած է կրօնաւոր դառնալ։ Ալեքսի քահանայ օծուած է 1950-ին եւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ կրօնական կարգերէն վեր բարձրանալով 1961-ին օծուած է Թալինի եւ Էսթոնիոյ առաջնորդ։ Անցնող 18 տարիներու ընթացքին Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ, Ալեքսի Բ պատրիարք Քրեմլինի հետ մտերիմ կապեր ունեցող ազդեցիկ անձնաւորութիւն մըն էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.