2008-12-06 12:16:41

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն


Կիրակի 7 Դեկտկմբեր 2008 Չորրորդ Կիրակի Յիսնակաց

Երանի անոր որ ճաշ պիտի ուտէ Աստուծոյ արքայութեան մէջ՚ (Ղուկաս 14, 12-24)



Նոյն շրջանի հրէայ ժողովուրդոի մտայնութիւն մէջ արմատացած էր այն միտքը թէ երկնքի արքայութիւնը նման է հսկայ խնճոյքի մը որ երբեք վերջ չունի. Այս անվերջ տօնակատարութեան գաղափարը յառաջ կու գար հաւանաբար Հռովմայեցիներու մօտ սովորութիւն դարձած կերուխումի հանդէսներէն, որոնք օրեր կը տեւէին. Կարելի է սակայն նաեւ որ այս միտքը եկած ըլլայ Արեւելքի մէջ կատարուած թագաւորական հարսանիքներու հետեւող հանդէսներէն, որոնք կը տեւէին 40 օր եւ 40 գիշեր, ինչպէս կը կարդանք յաճախ պատմուածքներու մէջ։

Այս հասարակաց ուրախութիւնը, կերուխումի երկար օրերու տեւողութեամբ, կ՛արթնցնէին ժողովուրդին մտքին մէջ այս հարցումը. Արդեօք երկնքի արքայութիւնը նման չէ՞ տեւական խնճոյքի ու կերուխումի։ Ահա այս ուղղութեամբ է որ ժողովուրդի մէջէն կին մը կը համարձակի ձայնը բարձրացնել եւ երանի կարդալ անոր որ Տիրոջ արքայութեան մէջ` պիտի մասնակցի այս անվերջ խնճոյքին։

Եւ Յիսուս կ՛օգտուի այս կնոջ արտայայտութենէն եւ կը նմանցնէ Աստուծոյ արքայութիւնը հսկայ խնճոյքի մը. Սակայն միեւնոյն ատեն կ՛ուզէ նաեւ հասկցնել թէ այդ խնճոյքին նախապէս հրաւիրուածները, այսինքն անոնք որ նախասահմանուած էին անոր մասնակցելու, անպատճառ այդ նոյները չեն որոնք իրապէս պիտի մասնակցին, պարզապէս որովհետեւ անոնք զանազան պատրուակներ գտնելով` կը խուսափին անկէ եւ կը թողուն այսպէսով որ իրենց տեղերը ուրիշները գրաւեն։

Հրէայ ժողովուրդը Աստուծոյ ժողովուրդն է. Ան սահմանուած է մասնակցելու այս յաւիտենական ուրախութեան, երկնքի արքայութեան մէջ.սակայն որովհետեւ կը մերժէ իրեն սահմանուած այդ արքայութիւնը, քանի չ՛ուզեր ընդունիլ այն անձը որ կու գայ աւետելու այդ արքայութիւնը, նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսը, խոստացուած Մեսիան, ուստի եւ իր տեղը թափուր կը մնայ եւ օտարները, այսինքն աշխարհի բոլոր ժողովուրդները կու գան գրաւելու իրեն սահմանուած տեղը երկնքի արքայութեան մէջ։

Ի՞նչ են պայմանները ժառանգելու Աստուծոյ արքայութիւնը. Նախ մկրտուելու է, մաս կազմելու համար Աստուծոյ Նոր ժողովուրդին, ապա մտիկ ընելու է Տիրոջ խօսքին եւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ` զայն գործադրելու է. այս պայմանները լրացնողները մաս կը կազմեն Աստուծոյ ժողովուրդին եւ կը ստանան ապահովութիւնը հասնելու իրենց մահուընէ ետք` յաւիտենական երջանկութեան։

Սակայն, զգոյշ. Մենք եւս, նոր ժառանգորդներս, մենք Քրիստոսի հետեւողներս, որ քրիստոնեայ կը կոչուինք, մենք ալ ենթակայ ենք նոյն վտանգին որ կը սպառնար հին ժողովուրդին, այսինքն կրնանք հրաժարիլ մեր ազատ կամքով մեզի ընծայուած հրաւէրէն եւ մեր տեղը թողուլ անոնց որ մեզմէ վերջ կու գան. Ահա թէ ինչպէս.

Կրնանք պատրուակել թէ ինչքեր ու ստացուածքներ ունինք եւ անոնց մատակարարութիւնը մեզմէ կը խլէ բաւական ժամանակ, ուստի չենք կրնար ըստ բաւականի ժամանակ տրամադրել Աստուծոյ գործերուն, չենք կրնար նոյնիսկ կիրակի օրը նուիրել Աստուծոյ, եկեղեցի յաճախելով ու պատարագի մասնակցելով։ Երկրորդ պատրուակը մեր առօրեայ գործերն են որոնք մեզ այնքան կը զբաղեցնեն որ ժամանակ չեն թողուր մեր հոգեկանով զբաղելու։ Իսկ երրորդը` մեր հաճոյքներն են, որոնցմէ չենք ուզեր զրկուիլ, պահ մը Աստուծոյ նուիրելու համար, սրբացնելով մեր օրը։

Պատրա՞ստ ենք արդեօք զոհելու այս բոլորը չկորսնցնելու համար մեր հրաւէրը։ Եթէ այո, այն ատեն ունկնդրենք Տիրոջ խօսքը եւ սրբացնենք իր օրը` կիրակին. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.