2008-12-06 12:17:08

Ծիսական ժամանակացոյցը


Շաբաթ` դեկտեմբեր 6, Գ Յիսնակաց։

Տօնն է ս. Նիկողաիոս զմիւռնացի սքանչելագործ հայրապետի

Ս. Նիկողաիոս ծնած է Փոքր Ասիոյ Բաթարա քաղաքը, բարեպաշտ ու բարեգործ ծնողքի զաւակ։ Միւռա քաղաքին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ իր խնամքին առարկայ կը դարձնէ աղքատները, հիւանդները , բանտարկեալները, այրիները ու որբերը։ Ան ներկայ եղաւ Նիկիոյ ժողովին 325-ին ու յաջորդ տարին կնքեց իր կեանքը։ Ան կը նկատուի պաշտպան սուրբը ոչ միան նաւաստիներուն, այլ նաեւ մանուկներուն, որոնց հանդէպ մասնաւոր հոգածութիւն ցոյց տուած էր միշտ։ Իր ժողովրդականութիւնը, արեւմուտքի մէջ, կը տարածուի, երբ իր նշխարները կը փոխադրուին 1037ին Իտալիոյ Պարի քաղաքը, ուր յանուն իրեն` կառուցուած է փառաւոր տաճար մը։



Ս. Նիկողաիոսո Շարականէն

Հիացան անմարմինները, տեսնելով երանելի Նիկողաիոսը որ մարմնով` մարմնաւորներուն անհամեմատ վարք ունէր։ Ուրախացիր մայր Սիոն եւ առագաստդ զարդարէ անճառելիօրէն, որովհետեւ անմարմին սատանայի մարմնով յաղթեց։ Ով Ամենասուրբ Երրորդութիւն կը հայցենք քեզմէ մեղաւորներս որ ներես մեր մեղքերուն` ս. Նիկողաիոսի աղաչանքներովը։








All the contents on this site are copyrighted ©.