2008-12-06 13:12:35

Լուրեր հայ աշխարհէն

Դրամատնային Համակարգը Պէտք Է Օժանդակէ Փոքր Եւ Միջին Գործառնութեան ըսած է Նախագահ՝ Սարգսեան:


Դեկտեմբեր 5ին, Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան հայաստանեան առեւտրային դրամատուներու ղեկավարները հրաւիրած է խորհրդակցական նիստի մը, որուն նպատակը եղած է ճշդել քայլերը, որոնք պէտք է առնուին համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի խորացման պարագային։ Նախագահը յայտարարած է, թէ շնորհիւ դրամատնային համակարգի խոհեմ գործունէութեան, մարդոց մեծամասնութիւնը վստահութիւն յայտնաբերած է դրամատուներուն նկատմամբ, եւ թէ՝ առանց լուրջ վնասներու կարելի եղաւ դիմակայել ճգնաժամի առաջին ալիքին։

Նախագահը նշած է, թէ աշխարհի մէջ դրամական ճգնաժամին յաջորդեց նաեւ տնտեսականը։ Մենք (ըսած է հայրենի նախագահը ) ձեզ հետ միասին պէտք է կարողանանք արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկել, որպէսզի աջակցինք տնտեսութեան այն ճիւղերուն, որոնք կրնան շահ ապահովել, զարգանալ եւ նոր աշխատատեղիներ ստեղծել, մանաւանդ, որ կառավարութիւնը ստեղծած է տնտեսական ճգնաժամը մեղմացնելու փաթեթ մը՝ իբրեւ առաջին քայլ։ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ճաւատեան խօսած է 2008ի դրամատնային համակարգէն ներս տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ ներկայի միտումներուն մասին, որոնց արդիւնքով ստեղծուած է փոխադարձ վստահութեան եւ աջակցութեան մթնոլորտ։ դրամատունը Ըստ Ճաւատեանի, ներկայիս կայուն եւ ունակ է՝ դիմագրաւելու դրամական բազմաթիւ վտանգներ։ Խորհրդաժողովին քննարկուած են նաեւ երկարաժամկէտ եւ նուազ տոկոսադրոյքներով վարկերու տրամադրման, շարժական եւ անշարժ գոյքի գրաւադրման վերաբերող խնդիրներ։



ՓԱՐԻԶ- Հայազգի Փաթրիկ Տեւեճեան Ֆրանսայի Տնտեսական վերելքի նախարար։

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի 5 դեկտեմբերին Միութիւն՝ ժողովրդական շարժման համար կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար՝ Փաթրիկ Տեւեճեանը նշանակած է 26 միլիառ եուրոյի ծրագիրի կիրարկումը վերահսկող՝ Տնտեսական վերելքի նախարար։ Վարչապետին առաջարկով, հանրապետութեան նախագահը Փաթրիկ Տեւեճեանը նշանակած է վարչապետին կից նախարար, որ պատասխանատու է տնտեսական վերելքի՝ Սարքոզիի ծրագիրին իրագործման, կը կարդանք Էլիզեան պալատի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։ Ի դէպ, հայազգի Ֆրանսայի նախարար Փաթրիկ Տեւեճեան, Միութիւն՝ ժողովրդական շարժման համար (UMP) կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնած էր, Նիքոլա Սարքոզիի նախագահ ընտրուելէն ետք։



Ղարաբաղ։ Դրամական Աւանդներ Պահ Դրուած՝ 545 Երեխաներու Անունով:

Ղարաբաղի ծնելիութիւնը եւ բազմազաւակութիւնը խթանելու համար, այս տարի նախատեսուած է շուրջ 3 անգամ աւելի մեծ գումար, անցած տարուան համեմատ. յայտնած է Ղարաբաղի ընկերութեան ապահովութեան նախարարութեան Ընտանիքի եւ երեխաներու հիմնահարցերու վարչութեան պետ Սամուէլ Դադայեան ։ Ծրագիրին ծիրէն ներս, ընտանիքներու 3րդ, 4րդ եւ յաջորդ երեխայի ծննդեան պարագային, բացուած են դրամական աւանդներ, իսկ ծնողներուն 500 էն 700 հազար դրամ։ 2008-ի Յունուար 1էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1, 545 երեխաներու անունով 310 միլիոն 100 հազար դրամի չափով դրամական աւանդներ բացուած են, ինչպէս նաեւ նոյն չափի գումար մը տրամադրուած է այդ երեխաներու մայրերուն։ 5, եւ աւելի անչափահաս երեխաներ ունեցող ընտանիքներու ծախսած ելեկտրականութեան վարձքին համար եւս օժանդակութիւն տրամադրուած է։ Իսկ վեց եւ աւելի անչափահաս երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն համար տուներ կառուցելու ծրագիրին ծիրէն ներս, այս տարի կառուցուած է 30 տուն :








All the contents on this site are copyrighted ©.