2008-12-06 12:51:54

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու

Զիմպապուէ.քոլերայի համաճարակը սկսած է հարիւրաւոր կեանքեր հնձել։


Նախապէս հերքելէ ետք, թէ օժանդակութեան կարիքը ունի, Զիմպապուէի կառավարութիւնը այժմ օժանդակութիւն կը խնդրէ, մինչ քոլերայի համաճարակը սկսած է հարիւրաւոր կեանքեր հնձել։ Երկրին մէջ ազգային արտակարգ վիճակ յայտարարուած է, մինչ սնանկացած երկրին ջուրի մատակարարումը խանգարուած եւ դադրած է։ Ատենօք երկրին պարծանքը եղող՝ հիւանդանոցները, ներկայիս փլատակի նման են, եւ կը ստիպուին դեղորայքի ու անկողինի պակասի պատճառով՝ հիւանդներ մերժել։ Քոլերայէն մահացածներուն թիւը այժմ հասած է 500-ի եւ կը նախատեսուի, որ բարձրանայ։

Միացեալ Նահանգները Մումպայի հարցով զուշացուցած էին Հնդկաստանը հաւանական սպառնալիքէ ։

Պաշտօնատարներ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ Մումպայի անցեալ շաբթուան յարձակումներէն առնուազն մէկ ամիս առաջ զուշացուցած էին Հնդկաստանը հաւանական սպառնալիքէ մը։ Հնդկաստան, տեղեակ պահուած էր ծովէն յարձակում գործելու ծրագիրի մը առնչութեամբ։ Միւս կողմէ, Հնդկաստանի ծովուժի հրամանատարը յայտնեց, որ երկրին ապահովական եւ գաղտնի սպասարկական ծառայութեանց մէջ կանոնաւոր ձախողութիւններ արձանագրուած են։ Մումպայի ոստիկանապետը երեքշաբթի օրը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք զգուշացում ստացած էին, թէ՝ ՙ ՙԹաժի՚ ՚ նման պանդոկներ կրնան այսպիսի վտագնի մը ենթարկուիլ։

Ըստ Լենմարքըրի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը մօտ օրէն կը բացուի։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները հինշաբթի օր Հելսինքիի մէջ ԵԱՀԿ-ի ժողովին շրջագիծին մէջ ունեցած իրենց հանդիպումին ընթացքին համաձայնած են նմանօրինակ հանդիպումները շարունակել։ Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-էն պաշտօնատար մը յոյս յայտնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը մօտ օրէն բացուի։ Ան ըսաւ, թէ 2008 տարին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու իմաստով լաւ տարի էր։ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերով ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ զեկուցող Կորան Լենմարքըր յայտնեց ըսելով. ՙ ՙՅաճախ նշած եմ այսպէս կոչուած ոսկի առիթը, եւ այսօրուան հանդիպումէն ետք ինծի կը թուի, թէ հիմնական սկզբունքներուն վրայ աշխատանքը յառաջիկայ գարնան կ՛ամբողջանայ, ապա կարելի պիտի ըլլայ համաձայնութեան մը վրայ աշխատիլ։ Սակայն անշուշտ ամէն բան կախեալ է կողմերու կամքէն՚ ՚։ Ան նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միջնորդութիւնը լաւ նախաձեռնութիւն մըն է եւ այդ մէկը ոչ միայն Ազրպէյճանի համար լաւ է, այլ նաեւ՝ Հայաստանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.