2008-12-05 08:49:52

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Ամերիկեան բանակը Իրագի Եկեղեցւոյ կը վերադարձնէ Պաղտատի Պապելի վարժարանը։

Իրագի մէջ հաստատուած ամերիկեան բանակը անցեալ ամիս վերադարձուցած է Գաղտիացիներու գրաւուած վարժարանը, Պաղտատին մէջ, եւ խոստացած պատշաճ վերանորոգումները կատարել։ յայտնենք թէ ամերկացի բանակը վարժարանը գրաւած է եւ գործածած որպէս զօրանոց։ Գաղտիացիներու վարժարանը, միակ ասուածաբանական հաստութիւնն է Իրագի մէջ։ վարժարանի բռնագրաւումէն ետք գաղտիացիները իրենց աստուածաբանական հաստատութիւնը Քիւրտիստանի Անքաուա քաղաքը փոխադրած էին։ Աստուածաբանական այդ հաստատութիւնը հիմնուած է Իրագի քրիստոնեայ բոլոր յարանուանութիւններուն համար, իմաստասիսրական ճիւղին մէջ նաեւ կը դասաւանդէին սիւննիթ եւ շիիթ իսլամ դասախօսներ։



Էրիդրէյիա – հալածանքի նոր ալիք մը օտար եկեղեցականներու դէմ, տեղւոյն եկեղեցական իշխանութիւնները իրենց բողոքը ու ցասումը յայտնած են այս կարգադրութեան դէմ։

Ասմարայի կառավարութիւնը կրկին անգամ հալածանքի ալիք մը սկսած է օտար եկեղեցականներու դէմ։ Անոնք վտարած են իտալացի կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ, որոնք աւելի քան 15 տարիէ իրենց առաքելութիւնը կը կատարէին։ Էրիդրէյայի եպիսկոպոսները իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են վտարուած կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն, եւ միաժանակ բողոք ներկայացուցած են կառավարութեան ընդգծելով թէ այս կարգադրութիւնը հակառակ է միջազգային օրէնքին եւ նախատինք մը մեր մշակոյթին։ Յայտնենք թէ կաթողիկէ եկեղեցին մէկ դարէ Էրիդերիա մուտք գործած է եւ կը ներկայացնէ բնակչութեան 5 տոկոսը։

Ճիշտ մէկ տարի առաջ կաթողիկէ 14 եկեղեցականներ վտարուած են կառավարութենէն ու աշխատած անոնց կալուածները բռնագրաւել։ Էրիդերիան, որ 1993-ին իր անկախութիւնը ունեցաւ, կը հաշուէ 5 միլիոն բնակիչ որոնք կէս առ կէս մահմետական եւ քրիստոնեայ են։ Ներկայ կառավարութիւնը գահընկեց ըրած է օրթոտոքս պատրիարքը նոր մը նշանակելով։ 2005 ին կառավարութիւնը տեղական կաթողիկէ եկեղեցիէն խնդրած է պատրաստել տեղացի կղեր օտարներու փոխարէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.