2008-12-05 08:54:00

Ծիսական ժամանակացոյցը


Ուրբաթ` դեկտեմբեր 5, Գ Յիսնակաց։

Ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանէն

Ջրողութիւն ունեցող մարդուն բժշկութիւնը - Այնպէս պատահեցաւ, որ Շաբաթ օրով՝ իշխանաւոր փարիսեցիի մը տունը ճաշի գնաց եւ սպասումով զինք (կը դիտէին)։ Եւ ահա, ջրողութիւն ունեցող մարդ մը ելաւ անոր դիմաց։ Յիսուս խօսք առաւ եւ օրինագէտներուն ու փարիսեցիներուն ըսաւ Շաբաթ օրով թոյլ տրուա՞ծ է բժշկել։

(Երբ) անոնք լուռ մնացին՝ բռնեց հիւանդը, բժշկեց զինք, (իր տունը) ղրկեց,

եւ անոնց ըսաւ Ո՞վ է ձեր մէջէն այն մարդը, որուն էշը, կամ եզը, եթէ ջրհոր իյնալու ըլլայ՝ դուրս չի հաներ զայն իսկոյն, (նոյն իսկ) Շաբաթ օրով։ Բայց այդ հարցումին չկրցան պատասխան տալ անոնք։

Խոնարհամտութիւն - (Ապա) երբ տեսաւ, թէ ինչպէս պատուոյ տեղերը կը փնտռտէին, հրաւիրուած հիւրերուն նմանութեան օրինակ մը պատմեց եւ ըսաւ

Երբ մէկը հարսանիքի, կամ խնճոյքի կանչելու ըլլայ քեզ, մի՛ բազմիր առաջին տեղը, որովհետեւ կրնայ պատահիլ, որ քեզմէ՛ աւելի յարգարժան մէկը հրաւիրուած ըլլայ անոր կողմէ, եւ այ ան, որ թէ՛ քեզ եւ թէ՛ այդ միւսը հրաւիրած է եւ ըսէ քեզի Տեղ տուր ասոր եւ ամօթով, վերջին տեղը սկսիս բռնել։

Այլ երբ հրաւիրուիս, գնա՛ եւ ամէնէն վերջին տեղը նստէ, որպէսզի, երբ քեզ հրաւիրողը գայ՝ (ա՛ն) ըսէ քեզի Բարեկամ, վեր անցիր եւ այն ատեն սեղանակիցներուդ առջեւ կը փառաւորուիս։ Որովհետեւ պիտի խոնարհեցուի ամէն մարդ, որ իր անձը կը բարձրացնէ եւ պիտի բարձրացուի, որ իր անձը կը խոնարհեցնէ։

Աւետարանական մեկնութիւն – Ամէն անգամ որ Յիսուս փարիսեցիի մը տունը հրաուիրուի, կոչնատէրը եւ անոր համախոհները, ուշադիր կ՛ըլլան Յիսուսի վերաբերմունքին։ Սիմոն փարիսեցին կը զարմանայ թէ ինչու Յիսուս թոյլ կու տայ մեղաւոր կնոջ իրեն մօտենայ։ Ուրիշ մը` կը գայթաղի թէ ինչու Յիսուս ճաշէն առաջ չի կատարեր արարողական լուացումները։ Այս անգամ Յիսուս ինքն է որ կը հարցնէ փարիսեցիներուն թէ կարելի է բուժել շաբաթ օրը։ Անոնք մունջ կը կենան։

Պահոց շարականէն

Դուն ես , Տէր, իմ յոյսս, յանցանքներուս քաւիչը, մի անտեսեր թափած արցունքներս, ողորմէ ինծի Աստուած իմ։ Անառակ որդիիդ նամն քեզի կ՛ապաւինիմ։ Հայր մեղանչեցի երկինքի եւ քեզի դէմ։ Ազատէ զիս բազմաթիւ մեղքերէս, արժանի ըրէ քու Արքայութեանդ, ողորմէ ինծի Աստուած իմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.