2008-12-04 13:27:02

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Ս. Աթոռը կը պահանջէ աւելի խիստ օրէնքներ հայող համաշխարհային զէնքի առեւտուրի, ընդգծելով թէ աշխարհի վրայ աւելի հեշտ է զէնք ունենալ քան կերակուր։

Վատիկանի մնայուն դէտը ՄԱԿԻ մօտ` գերապայծառ Celestino Migliore ընդգծած է հարկաւորութիւնը զէնքի առեւտուրի կանոնաւորումին, վերջ դնելու աշխարհի մը ուր աւելի հեշտ է զէնք ունենալ քան կերակուր։ Վատիկանի դիւանագէտը այս յայտարարութիւնը կատարած է խօսք առնելով ՝՝խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանումը աշխարհի մէջ, հզօրացնել հաւաքական ապահովութիւնը կանոնաւորելով ու վերածելով զէնքին առեւտուրը՝՝ ժողովին։



Ուկրանիա – Ուկրանացի կաթողիկէները գոհունակութիւն յայտնած են տեղական իշխանութիւններու, որոնք հրահանգած են Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ վերադարձը , որ նախապէս ծախուած է ամերկեան մէկ հաստատութեան։

Այդ ուղղութեամբ`ուկրանացի կաթողիկէները միջազգային հասարակութեան կոչ ուղղած էին յուլիս 2007ին, որպէսզի փրկուի 19-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին։ Կաթողիկէ պատասխանատուները յայտնած են թէ Ուկրանիոյ անկախութենէն ի վեր, 1991-ին' խնդրած են վերստանալ իրենց եկեղեցին, որ համայնավարութեան տարիներուն խաղավայր դարձած էր։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետը, յունիս 2001ին, Ուկրանիա կատարած այցելութեան ընթացքին եւս խօսած է Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ վերադարձին ի նպաստ։ Գերապայծառ Պուշէք ողջունած է կառավարութեան որոշումը։ Յայտնենք թէ Ուկրանիոյ կաթողիկէ լատին եկեղեցին կը հաշուէ 870 ժողովրդապետութիւններ, իսկ յոյն կաթողիկէ եկեղեցին ունի 3.386 ժողովրդապետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.