2008-12-04 13:16:29

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը յառաջիկայ դեկտեմբեր 10-ին կը գլխաւորէ , նուագահանդէս մը, Վատիկանէն կազմակերպուած , Մարդու իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան 60-րդ տարեդարձին առիթով


Մարդու իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան 60-րդ տարեդարձի յիշատակում Վատիկանի մէջ։

Մարդու իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան 60-րդ տարեդարձին առիթով, Վատիկանը, դեկտեմբեր 10-ին համար, կը ծրագրէ հանդիսաւորապէս յիշատակել այդ տարեդարձը, կազմակերպելով գիտաժողով մը, եւ նուագահանդէս մը տալով' Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի ներկայութեամբ։ Նուագահանդէսը պիտի ղեկավ արէ խմբավար Ինմա Շարա, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։

Ինմա Շարա` Սպանիայի նոր սերունդի մեծագոյն եւ ամենափայլուն խմբավարներէն մէկն է։

Իր կարգին`Վատիկանի մնայուն դէտը Ունեսքոյի մօտ ` Գերապայծառ Francesco Follo խօսք առնելով Ունեսքոյի գործադիր մարմնի 180-րդ նիստին առջեւ յայտարարեց թէ Մարդու իրաւունքերու յայտարարութիւնը լաւագոյն պտուղներէն մէկն է։ Անիկա համադրութիւնն է մշակութային ու կրօնական տարբեր աւանդութիւններու։ Այդ յայտարարութիւնը կը մնայ կարեւոր միջոց մը պաշտպանելու անհատը ու պահպանելու անոր արժանաւորութիւնը։

Վատիկանի մնայուն դէտին գնահատումով մարդու իրաւունքերու անբաժանելիութիւնը ու միջկախումը երաշխիք մըն է մարդկային արժանաւորութեան պաշտպանութեան։ Նշենք որ` Ունեսքոյի գործադիր մարմնի կեդրոնը Փարիզ կը գտնուի։

իսկ այսօր` հինգշաբթի դեկտեմբեր 4, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեցաւ Չիլիի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը` հնգամեայ այցելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.