2008-12-04 12:53:09

Կրօնաբարոյական հարցեր - Մարդուն առաքելութեանը մանրամասնութիւնները

 


Այժմ ուսումնասիրենք թէ գերբնական գետնի վրայ որոնք են մարդուն պարտականութիւնները աշխարհի վրայ, որպէս գործակից Աստուծոյ, անոր ստեղծագործութեան մէջ։

Նախ` մարդս ինք իր մէջ պարտի աւարտել ստեղծագործութիւնը հետեւեալ կերպով. Արժեւորելու է այն բոլոր տաղանդները որոնք իրեն տրուած են Աստուծոյ կողմէ. Մարմնական կազմաւորում, գիտութիւններու մէջ յառաջացում, իր անձնականութեան բարգաւաճում, ապրում կեանքի` խղճմտանքին համեմատ։

Մարդս պարարտ հող մըն է, հարուստ եւ բերրի այն բոլոր սերմերով զոր Աստուած զետեղած է իր մէջ. Իր առաքելութիւնը կը կայանայ իր մէջ դրուած այս ուժերը տակաւ առ տակաւ յաղտնաբերելու եւ զարգացնելու մէջ, այնպէս ինչպէս արուեստագէտը անձեւ հողակոյտէ մը կը շինէ գլուխ գործոց արձան մը, մարդն ալ պարտի իրականացնել այն գաղափարական էակը զոր Աստուած կը սպասէ որ ըլլայ։

Այսպէսով է որ մարդը փառք կը մատուցանէ Աստուծոյ, ինք իր անձին կատարելագործումովը։

Երկրորդ` մարդս իր շուրջը պարտի աւարտել ստեղծագործութիւնը.

Պէտք է իշխէ նիւթին վրայ, արժեւորելով հողին ընծայած հարստութիւնները. Ուստի իր աշխատանքը եւ ջանքը արտադրելու եւ մէջտեղ բերելու շօշափելի արդիւնքներ նոյնիսկ նիւթական մարզէն ներս, մեծապէս կը նպաստեն իր առաքելութեան իրագործման։

Մարդուս աշխատանքին շնորհիւ, նիւթը արժէք կը ստանայ, որովհետեւ իր մէջ կը թափանցէ հոգին, որ զինքը արժանի կը դարձնէ հոգեւոր արժէքներու ծառայելու։ Քարերու կոյտ մը կը դառնայ եկեղեցի, փայտի կտորներ կը դառնան գրասեղան եւ կամ խորան, որով մարդ կը փոխակերպէ նիւթը, մտային ու հոգեւոր գերազանց արժէքներ դնելով անոր մէջ։

Ուստի մարդ կը ծառայէ Աստուծոյ իր գործը աւարտելով իր շուրջը ինչպէս նաեւ ինքիր մէջը. Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած ըլլալով` մարդն ալ կը դառնայ ձեւով մը ստեղծիչ, տէր եւ կարգաւորող։

Այսպէսով կարելի է եզրակացնել թէ մարդկային ամէն գործ ենթակայ է երկու օրէնքներու.

Առաջինը աշխատանքի օրէնքն է որով մարդուն կ՛իյնայ միշտ աշխատիլ այս աշխարհի վրայ, որպէսզի յառաջ տանի Աստուծոյ գործերը.

Երկրորդը յառաջդիմութեան օրէնքն է որով մարդս պիտի կատարելագործէ Աստուծոյ ստեղծած տիեզերքը. Ամէն մարզի մէջ կատարուած յառաջդիմութիւն իրեն համար գովելի եւ օգտակար պէտք է ըլլայ։

Ինչ որ սակայն յաճախ կը պատահի այս աշխարհի վրայ հակառակն է քան ինչ որ խնդրուած է Տիրոջմէն. Փոխանակ տիրելու նիւթին, մարդս աւելի յաճախ կ՛ըլլայ գերի նիւթին, այն աստիճան որ նիւթը կը դասէ գեր ի վեր ամէն տեսակի հոգեկան արժէքէ եւ զայն կը դարձնէ նպատակը իր կեանքին։

Սկզբունքը սակայն միեւնոյնն է. Աստուած չէ դրած մարդը աշխարհի վրայ, որպէսզի ենթարկուի աշխարհի ու անոր օրէնքներուն, այլ որպէսզի իր հոգիով ու մտքով, որ գերակայ է անսահմանօրէն նիւթէն, բարձրացնէ ստեղծագործութիւնը նիւթականէն դէպի հոգեկանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.