2008-12-04 13:49:38

Լուրեր հայ աշխարհէն

Երկքաղաքացիութեան դրութիւնը Հայաստանի մէջ։


Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է թէ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին Հայաստանէն Սփիւռք տեղեկատուութեան փոխանցումը ապահովելու ուղղութեամբ։ Մասնաւորապէս՝ մէկ ամիսէն արդէն պատրաստ պիտի ըլլայ նախարարութեան կայքէջը եւ ելեկտրոնային թերթը, որոնք վեց լեզուներով պիտի ըլլան։ Սփիւռք - Հայրենիք գործակցութեան հայեցակարգը գրեթէ պատրաստ է (ըսած է նախարար Յակոբեան) աւելցնելով որ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը ներկայիս աշխատանքներ կը տանի 120 երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական համայնքներուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու գործին մէջ ու մեծ աշխատանք կը տարուի օրէնսդրութիւնը բարեփոխելու ուղղութեամբ։ Արդէն քննարկումներ կազմակերպուած են Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային եւ մուտքի արտօնագիրներու վարչութեան հետ՝ երկքաղաքացիութեան դրութիւնը Հայաստանի մէջ յստակացնելու համար. որպէսզի (նշած է Սփիւռքի նախարարը) կարենանք այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որ երկքաղաքացիութեան ընդունումը ոչ թէ դժուարութիւններ ստեղծէ, այլ տօն դառնայ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար։

Միացեալ նահանգներ։

Վերջերս Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ծրագրին համակարգող ու նաեւ՝ Հայագիտական ուսմանց կեդրոնի վարիչ նշանակուած է հայազգի փրօֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան ։ Ան վերջին 24 տարիներուն տարբեր պաշտօններ ստանձնած է ծրագրին մէջ եւ համալսարանին մէջ դասաւանդած է հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ արուեստի վերաբերող նիւթեր։ ԵուՍիԷլԷյէն վկայուած Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է յատկապէս Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանին ու Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ քոյր-համալսարաններու համաձայնագիր մը գոյացնելու աշխատանքին մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.