2008-12-04 13:49:56

լ ուրեր Հայ եկեղեցիէն


Եկեղեցասէր Միութիւն Յունաստանի Հայ կաթողիկէ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Յունաստանի Հայ կաթողիկէ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տէր Ռափայէլ քհն Շէֆիքեանի նախաձեռնութեամբ, կազմուած է նոր մարմին մը, որ կը կրէ Եկեղեցասէր Միութիւն Հայ Կաթողիկէ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անունը։

Միութեան նպատակը պիտի ըլլլայ աշխատիլ բարելաւելու համար եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ նիւթական վիճակը։ Այս ուղղութեամբ, 26 նոյեմբերին, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ գումարուած է ժողով մը ներկայութեամբ ժողովրդապետութեան 9-ը անդամներու։

Տէր Ռափայէլ քհն. Շէֆիքեան ժողովին բացման պարզած է նման մարմնոյ մը գոյութեան անհրաժեշտութիւնը, ուր արդէն միատեղ կը գործեն ՀԿԵՄ-ը եւ ՀԿՏՄ-ը։ Շօշափելէ ետք կարգ մը կէտեր ընտրուած է գործադիր մարմին մը ներկաներուն միջեւ։ Քուէարկութեամբ ընտրուած երկսեռ վարչութիւնը նաեւ կազմած է իր դիւանը։



Թեհրան։ Հայ գրքի 6-րդ ցուցահանդէս վաճառք

Նախագահութեամբ Թեհրանի առաջնորդ Սեպուհ արք Սարգիսեանի, վերջերս առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է ՙ ՙՀայ գիրքի 6-րդ ցուցահանդէս-վաճառք՚ ՚ նախաձեռնութեամբ՝ Թեհրանի հայոց թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբին։ Նման ցուցահանդէս-վաճառք կատարուած է նաեւ՝ Սասուն քաղաքամասին մէջ ՝ Ս Թարգմանչաց եկեղեցւոյ կից գտնուող Շաղուլեան սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.