2008-12-04 13:18:01

Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային Դէպքերուն։

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա առեւտուրի նախարար նշանակեց Պիլ Ռիչըրտսընը, որ Նիւ Մեքսիքօ նահանգին կառավարիչն է եւ նախագահական ընտրութեանց ընթացքին Օպամայի մրցակիցներէն մէկն էր։Նշանակումը յայտարարող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Օպամա անգամ մը եւս վստահեցուց, թէ երկիրը կարողութիւնը ունի դէմ դնելու տնտեսական ճգնաժամին։Միւս կողմէ Դեկտեմբեր 3ին հաղորդուեցաւ, թէ սեփական մարզի մօտաւորապէս 250,000 պաշտօնեաներ Նոյեմբերին պաշտօնազուրկ եղած են, ինչ որ մեծագոյն թիւն էր վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին։



ֆՐԱՆՍԱ։ 2 դեկտեմբերին, մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող Ալֆորվիլի փոխքաղաքապետ Ռընէ Ռուքէ ֆրանսական կառավարութեան կոչ ուղղեց, որպէսզի Ծերակոյտը վաւերացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը պատժող օրէնսդրութիւնը։ Փոխքաղաքապետին ուղղուած իր պատասխանին մէջ ներքին հարցերու եւ տեղամասերու հարցով պետական նախարար Ալան Մարլիքս յայտնեց ՝՝ Ինչ կը վերաբերի ձեր ակնարկած օրինագիծին, կառավարութեան դիրքորոշումը յստակ եւ ծանօթ է, ան զայն Ծերակոյտի օրակարգին վրայ բերելու համամիտ չէ։ Ինչպէս նշեցի, օրէնսդրութիւնը արդէն իսկ ոյութիւն ունի։ Աւելի՛ն կառավարութեան կարծիքով, պատմութեան վերաբերեալ օրէնսդրութիւն կատարելը խորհրդարանին չի պատկանիր եւ այդ մէկը գրել ու մեկնաբանելը կը պատկանի պատմաբաններուն։

Պետական Նախարարը ֆրանսական կառավարութեան ներկայ դիրքորոշումը արդարացուց հայ-թրքական ներկայ երկխօսութեամբ, զոր կը քաջալերենք(ըսած է)։

Այս հարցով կառավարութեան դիրքորոշումը ամբողջովին կը հակասէ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէական յանցանք նկատելու կեցուածքին։Առ ի հակազդեցութիւն ֆրանսական կառավարութեան որոշումին, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգումի խորհուրդը կոչ ուղղեց 10 դեկտեմբերին ֆրանսական Ծերակոյտի կեդրոնատեղիին դիմաց ցոյց մը կատարել։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀՈՒԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԶԱՆՔ ՄՐՑԱՆԱԿԸ։

Մոնաքոյի Իշխանութեան ՝՝Խաղաղութիւն եւ Մարզանք՝՝ կազմակերպութեան կողմէ, մարզանքի միջոցով բարեկամութեան իր լաւագոյն դրսեւորումին համար, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհուած է Խաղաղութիւն եւ Մարզանք մրցանակը։Կազմակերպութեան նախագահ եւ հիմնադիր Ժոէլ Պուզուի, Հայաստանի նախագահին յղուած նամակին մէջ նշած է, թէ դատակազմը միաձայնութեամբ վճռած է մրցանակը շնորհել Հայաստանի նախագահին՝ Թուրքիոյ նախագահ Ա .Կիւլի հետ իր խորհրդանշական ձեռքսեղման պատկերին համար։Ֆորումը կը վայելէ Մոնաքոյի իշխան Ալպերթ Բի հովանաւորութիւնը։Նշենք որ այս Մրցանակը սոյն կազմակերպութեան կողմէ շնորհուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին՝ Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի Ազգային Խումբերու մրցումին ներկայ գտնուելու նպատակով, Երեւան այցելութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.