2008-12-03 13:28:39

Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մշակոյթի Ամսուան Միջոցառումները ։


Միացեալ Նահանգներ- Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մշակոյթի Ամսուան Միջոցառումները ։ Լոս Անճելըսի Հայ քոյրերու վարժարանը Մշակոյթի Ամսուան ընէացքին՝ Հոկտեմբերին, կազմակերպած է զանազան միջոցառումներ անոնցմէ կարելի է յիշատակել հետեւեալը.

- Աշակերտական Ս պատարագ, որ տեղի ունեցաւ երկու տարբեր օրերու՝ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներու մասնակցութեամբ։ Օրուան պատարագիչն էր Հայր Անտոն վրդ Սարոյեան, որ իր քարոզին մէջ շեշտեց Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի, Վռամշապուհ թագաւորի եւ Մաշտոցի աշակերտներուն տարած անուրանալի աշխատանքը, որուն շնորհիւ այսօր կրնանք պաշտպանել մեր ինքնութիւնը։ Աւարտին, աշակերտները հաղորդուեցան՝ յագեցած Մեսրոպեան շունչով։

- Հայկական ճաշերու եւ պտուղներու օր, մանկապարտէզի աշակերտներուն համար։ Մանկապարտէզի ուսուցչուհիները հայկական տարազներով ներկայացան տպաւորելու համար մանուկներու մտքերը եւ պահ մը լեցնելու անոնց հոգիները հայոց աշխարհի բոյրով։

- 3-5րդ դասարաններու աշակերտները այդ ամսուան ընթացքին հայկական տարազներու մանրանկարներ գծեցին եւ գունաւորեցին՝ ծանօթանալով անոնց շրջաններուն, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ անոնց պատրաստած հայկական տառերու եւ պտուղներու գծանկարներուն ցուցադրութիւնը։

- 6-8րդ դասարանի աշակերտները խմբակներով եւ իրենց ծնողներու օժանդակութեամբ տունէն ներս տարուած ճաշի մը նախապատրաստական աշխատանքէն ետք, դասարանին մէջ ամբողջացուցին հայկական ճաշ մը։Անոնք ճաշերով պատրաստած էին Մասիսն ու Արարատը, Արարատեան դաշտը, իսկ համեղ կրկնեփուկներով՝ հայկական գիրերը, իսկ անուշեղէնները գունաւորած էին հայկական դրօշի գոյներով։-

Վարդանանց հերոսամարտի եւ Սասունցի Դաւիթի դիւցազներութեան նախապատրաստական ֆիլմերու ցուցադրութիւն՝ արուեստագէտ Հրաչ Քիւփելեանի եւ կնոջ՝ Ալինային կողմէ ներկայացուած, որուն ներկայ եղան 3րդ դասարանէ վեր բոլոր աշակերտները։ Երեք օրեր, վարժարանի գրադարանը զարդարուեցաւ հայկական գեղեցիկ եւ գունաւոր նոր ու հին գիրքերով, զարդերով եւ խաղերով։ Աշակերտները, մանկապարտէզէն սկսեալ, իրենց հայերէնի ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ, այցելեցին գրադարան, լսեցին գիրքերու մասին, ծանօթացան տեսակներուն, լիցքաւորուեցան եւ գնելով հարստացուցին իրենց գրադարաններն ու մտապաշարը։ Մշակութային օրեր ձեռնարկը վերջ գտաւ հանդիսաւոր կերպով . գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը որու աւարտին վարժարանին տնօրէնուհի քոյր Լուսիա աշակերտներուն իր եզրափակիչ խօսքին մէջ յորդորեց հայ մշակոյթով լիցքաւորուելու, ըսելով Դուք պիտի ըլլաք մէկական ներկայացուցիչներ ձեր ազին, երբ այս վարժարանէն երթաք օտար երկրորդականներ եւ համալսարաններ հոս պէտք է պատրաստուիք, որպէսզի լաւագոյնս ներկայացնեք հայութիւնը, եւ քաջալերեց զանոնք իրենց տարած աշխատանքին համար։ Ան նաեւ շնորհաւորեց հայերէնի դասատուները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.